
ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ Ռապըրթ Մենենտեզ, որ այս շաբաթ Ծերակոյտին ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը, 11 Ապրիլին Ծերակոյտի Միջազգային յարաբերութեանց յանձնախումբին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը բարձրացուց Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի թեկնածու Տէյվիտ Մայքըլ Սաթըրֆիլտը հարցաքննելու ընթացքին։
Մենենտեզ իր խօսքին սկիզբը յայտարարեց, որ հիասթափած է Սաթըրֆիլտէն, որ նիստէն առաջ իր հետ հանդիպելու առաջարկը մերժեց, սկսելով հետեւեալ հարցապնդումը.
– Արտօնեցէք ինծի սկսելու հետեւեալ հարցումով՝ դուք կ՛ընդունի՞ք, որ 1915-1922 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան կողմէ սպաննուած են մօտաւորապէս 1.5 միլիոն հայ տղամարդեր, կիներ եւ երեխաներ:
– Մենք վստահ տեղեակ ենք այդ դաժանութեան փաստի մասին:
– Ես ճի՞շդ կը հասկնամ, որ դուք այդ մէկը կ՛ընդունիք։
– Այո:
– Դուք կ՛ընդունի՞ք, որ կատարուածը ցեղասպանութիւն էր:
– Պարո՛ն ծերակուտական, նախագահը յայտարարած է, որ ատիկա 20րդ դարու ամենասարսափելի դաժանութիւններէն մէկն էր, եւ ես համակարծիք եմ այդ յայտարարութեան հետ:
– Անկասկած, անիկա դաժանութիւն էր, սակայն հարցումը այն է, որ արդեօք անիկա ցեղասպանութի՞ւն էր:
– Յիշեալ յայտարարութիւնը կ՛արտայայտէ ամերիկեան կառավարութեան դիրքորոշումը:
– Լաւ, չէք ըսեր, որ անիկա ցեղասպանութիւն էր: Թոյլ տուէք հարցնել՝ դուք կ՛ընդունի՞ք, որ 1915ին, Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ դաշնակից ուժերը առաջին անգամ միասնաբար մեղադրեցին այդ կառավարութիւնը՝ մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ յանցանք գործելու յանցանքով:
Այս հարցումին պատասխանելով՝ Սաթըրֆիլտ նկատել տուաւ, որ ինք պատմաբան է ու տեղեակ է այդ ժամանակուան իրադարձութիւններէն:
Այնուհետեւ ծերակուտականը անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուի այն յայտարարութեան, որ հայերը տեղահան ընելու վերաբերեալ թրքական իշխանութիւններուն հրահանգը մահավճիռ էր ամբողջ ազգի մը համար, եւ որ իշխանութիւնները Մորկենթաուի հետ զրոյցի ատեն նոյնիսկ չեն փորձած թաքցնել այդ իրողութիւնը:

«Ես տեղեակ եմ այդ յայտարարութեան մասին», ըսաւ Սաթըրֆիլտ։
«Ուրեմն, այս բոլորը նման են խորամանկ պարի, զոր մենք կը պարենք իբրեւ ազգ՝ չճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական փաստը: Նոյնիսկ միջկառավարական հաստատութիւն հանդիսացող Ողջակիզման ամերիկեան թանգարանը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, մինչդեռ մենք չենք կրնար ընդունել զայն: Սակայն եթէ մենք չճանչնանք անցեալը՝ իբրեւ իրողութիւն, չենք կրնար յառաջ շարժիլ», եզրափակեց Մենենտեզ:
Հարցաքննութեան տեսանիւթը կարելի է դիտել՝
www.foreign.senate.gov/hearings/watch?hearingid=47D73D3C-5056-A066-605D-F980B69AB607 կայքէջին վրայ։