ԿԻՐՕ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Ստորեւ կը ներկայացնենք Չորեքշաբթի, 12 Յունիսին, Երեւանի մէջ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեանի լարգրողներու հետ ունեցած զրոյցէն հատուած մը.
Արցախի հարցին անդրադառնալով՝ Մանոյեան յայտնեց, որ այս հանգրուանին, Ատրպէյճանի առջեւ կան երկու կարելիութիւններ՝ հաշտուիլ իրականութեան հետ կամ պատերազմ սկսիլ:
Մանոյեան ընդգծեց, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն յոյսը, որ Հայաստան տնտեսապէս կոտրուած է, կայ դրամագլուխի եւ բնակչութեան արտահոսք, անհիմն է:
«Մենք սովորել ենք չորս հարեւաններից երկուսի հետ յարաբերութիւններ չունենալ եւ զարգանալ: Եւ մենք ծնկի չենք գայ. սա այն հարցը չէ, որը կարող է տարբեր մօտեցումներ թոյլ տալ: Սխալներ հնարաւոր են, բայց ոչ տարբեր մօտեցումներ», ըսաւ Մանոյեան:
Ըստ անոր՝ իրավիճակէն դուրս գալու ճանապարհներէն մէկը Արցախի ճանաչումն է, եւ այստեղ պէտք է զօրաշարժի ենթարկել միջազգային հանրութիւնը:
Գալով պատերազմի հաւանականութեան՝ ըստ Մանոյեանի, կանխարգիլման լաւագոյն միջոցը անոր պատրաստ ըլլալն է: «Պէտք չէ խուճապի մատնուել, բայց պէտք է պատրաստ լինել դրան: Պատերազմի հաւանականութիւնը մեր իրականութեան մի մասն է: Միայն մենք չենք այդպիսին: Այլ երկրները նոյնպէս նման իրականութիւն ունեն, եւ դա չի խանգարում երկրի զարգացմանը», յիշեցուց Մանոյեան, նոյն ատեն ան չբացառեց պատահական պատերազմի հնարաւորութիւնը, եթէ Ատրպէյճան զօրավարժութիւններու ընթացքին ռազմական գործողութիւններ հրահրէ: «Այդքան զէնքեր, այդքան զօրավարժութիւններ, ընդ որում միջազգային պարտաւորութիւնների խախտումներով», ըսաւ Մանոյեան:
Խօսելով զսպման համակարգին մասին՝ Մանոյեան նշեց. «(Ատրպէյճանը) ցանկանում է փոխել իրավիճակը, բայց որոշում չի ընդունում: Դա շնորհիւ մեր նախապատրաստութեան»:
Տարածաշրջանի քաղաքական զարգացումները գնահատելով՝ Կիրօ Մանոյեան յայտնեց, որ ըստ իրեն, Հայաստան պէտք է լաւ յարաբերութիւններ պահպանէ տարածաշրջանի գլխաւոր դերակատարներէն մեծ մասին՝ Իրանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ հետ:
Պատասխանելով հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցումի մը՝ Կիրօ Մանոյեան յայտնեց, որ վերջին ամսուան բանակցութիւնները կը վկայեն յարաբերութիւններու մակարդակի բարձրացման մասին: Մանոյեան վստահ է, որ յարաբերութիւնները պէտք է այնպէս ըլլան, որ չվնասեն Հայաստանի միւս յարաբերութիւններուն:
«Ճիշդ կը լինէր կշռադատուած յարաբերութիւնների զարգացումը: Հայ-իրանական յարաբերութիւնները չեն կարող փոխարինել հայ-ամերիկեանին, հայ-ամերիկեանը չպէտք է խանգարի հայ-ռուսականին: Անհրաժեշտ է օգտագործել բոլոր հնարաւորութիւնները», նշեց Մանոյեան՝ յուսալով, որ Միացեալ Նահանգները Իրանի հարցին վերաբերեալ չի պնդեր իր պայմանները: