
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, Յոյն-ամերիկեան ղեկավարման խորհուրդը, ինչպէս նաեւ «Ի պաշտպանութիւն քրիստոնեաներու» կազմակերպութիւնը ողջունեցին Ներկայացուցիչներու տան կողմէ սոյն շաբթուան սկիզբը վաւերացուած բանաձեւը, որ կը քննադատէր Ռուսիայէն «Էս. 400» հրթիռային համակարգեր գնելու Թուրքիոյ նախաձեռնութիւնը, սպառնալով պատժամիջոցներ սահմանել Անգարայի դէմ, եթէ այդ ծրագիրը չկասեցուի։
Թիւ 372 բանաձեւը յառաջ մղուած էր ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբի ատենապետ դեմոկրատ Էլիըթ Էնկըլի, յանձնախումբի բարձրաստիճան հանրապետական անդամ Մայքըլ ՄըքՔոլի, ինչպէս նաեւ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Կաս Պիլիրաքիսի ջանքերով։
Բանաձեւը կ՛ազդարարէ, որ «Էս. 400» հրթիռային համակարգերու ծրագիրէն չձերբազատելու պարագային, Թուրքիա դուրս պիտի դրուի «Էֆ.35» ռազմական օդանաւերու ծրագիրէն եւ նոյնիսկ ՆԱԹՕի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները կրնան հարցականի տակ դրուիլ։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը 11 Յունիսին խստօրէն դատապարտեց բանաձեւը եւ անոր մէջ տեղ գտած սպառնալիքները:
Բանաձեւին վաւերացումը ջատագովող իր ելոյթին մէջ, Էնկըլ շեշտեց, թէ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան երկիրը մենատիրական պետութեան մը վերածած է, զայն հեռացնելով ժողովրդավարական սկզբունքներէն։
Յիշեցնելով, որ Թուրքիա կը շարունկէ սպառնական քայլերու դիմել ՆԱԹՕի անդամ Յունաստանի եւ Կիպրոսի նման երկիրներու դէմ, Պիլիրաքիս իր կարգին շեշտեց, թէ «Էֆ.35»ի նման արդիական ռազմական օդանաւեր պէտք չէ տրամադրել թրքական բանակին, որ յաճախ ամերիկեան շահերուն դէմ, ինչպէս նաեւ միջազգային օրէքները ոտնակոխող արարքներու կը դիմէ։
Յատկանշական է, որ նոյնիսկ աւանդաբար Թուրքիոյ համակիր քոնկրեսականներ, ինչպէս՝ Սթիւ Չեպըթ եւ Ճօ Ուիլսըն քննադատեցին եւ «անընդուելի», «վտանգաւոր» եւ «վնասակար» որակելով ռուսական «Էս. 400» հրթիռային համակարգեր գնելու Անգարայի որոշումը։
Բանաձեւին քննարկումը դիտելու համար՝ այցելել https://youtu.be/9kYNth2h8PI կայքէջը։