ՎԻԳԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի տարեկան այս ժողովին, հետաքրքրական բան պատահեցաւ: Մինչ տարիներէ ի վեր եւ յամառօրէն հիմնադրամի ուղղութիւնը կը սահմանուէր Հայաստանին եւ առաւելաբար Արցախին ընկերա-տնտեսական բնոյթի օժանդակութիւն հասցնելուն մէջ, երէկուան (Յունիս 18) ժողովին ընթացքին՝ առաջին անգամն ըլլալով նշում եղաւ հիմնադրամին կարողականութիւնը նաեւ սփիւռքեան համայնքներու կարիքներուն տրամադրելու անհրաժեշտութեան: Արդարեւ, թէ՛ Հայաստանի նախագահը եւ թէ Հայաստանի վարչապետը իրենց խօսքերուն մէջ հանգամանալից ակնարկ ըրին այն մասին, թէ ժամանակն է, որ հիմնադրամի միջոցները նաեւ տրամադրուին Հայկական Սփիւռքի կարիքներուն, մինչեւ իսկ աշխատանքային բնագաւարներու օրինակներ թուելով, մինչեւ իսկ շեշտելով հայապահպանման գծով տարուած գործին զօրակցելու կարեւորութիւնը:
Այս նոր մարտահրաւէրը, այսինքն՝ սփիւռքահայութեան հասնելու տրամադրութիւնը, ինչ խօսք որ գնահատելի է եւ կը յուշէ այն մասին, թէ գուցէ իսկապէս սկսած ենք հասկնալու, թէ ի՛նչ կը նշանակէ համահայկական օրակարգ ունենալ կամ թէկուզ անոր ձգտիլ: Յամենայնդէպս կը մնայ յուսալ, թէ արտասանուած միտքերը իսկապէս ցուցանիշ են այն մասին, թէ Հայաստանի պետական մտածողութեան մէջ Սփիւռքի տեղին եւ դերին մասին ինչ որ բան փոխուելու ընթացքի մէջ է, եւ որ արտասանուած խօսքերը պատշաճութեան համար կամ Սփիւռքին հաճոյանալու համար կատարուած չեն:
Կը լսենք, թէ Սփիւռքի գծով մօտեցումի եւ աշխատելաոճի փոփոխութիւն պիտի կիրարկուի: Մինչեւ օրս պարզ չէ, թէ այդ փոփոխութիւնը ի՛նչ ուղղութիւններով պիտի ըլլայ կամ աւելի ճիշդ՝ որքա՞ն խորքային պիտի ըլլայ անիկա: Նախարարութենէ յանձնակատարի գրասենեակի անցումը իր հետ կը բերէ՞ հիմնարար եւ հայեցակարգային փոփոխութիւններ: Այս գծով, հիմնադրամի ուղեգիծին վերանայումը արտացոլո՞ւմն է իսկապէս համահայկական օրակարգի հրամայականին, բան մը որ կրնայ սկսիլ հիմնադրամով, բայց որ պէտք է տարածուի պետական գործի համարեա բոլոր բնագաւարներուն վրայ:
Ափսոսանքով կը յիշեմ, թէ ինչպէ՛ս ասկէ տակաւին քանի մը տարի առաջ, երբ հիմնադրամի պատասխանատուներուն առաջարկ կ՛ըլլար՝ յանուն համահայկական օրակարգի, տարեկան հանգանակութեան գումարները ամբողջութեամբ տրամադրել սուրիահայութեան կարիքներուն, առաջարկը կը մերժուէր՝ պատրուակելով, թէ այս վերջիններուն կարիքները կը մատակարարուին այլապէս ու այլ միջոցներով, եւ թէ պէտք չէ հիմնադրամի օրակարգին եւ առաքելութեան մէջ շփոթ մտցնել: Այս մասին ես կրնամ վստահութեամբ ակնարկութիւն կատարել, որովհետեւ անմիջականօրէն եւ ամբողջականօրէն մասնակից էի վերոյիշեալ օժանդակութիւնը դէպի սուրիահայութիւն ուղղորդելու ճիգին մէջ, որ ցաւօք ձախողեցաւ: Բայց, երբ կատարուած առաջարկի միտքն ու ոգին մերժուեցան, ես օրին հասկցայ, թէ առաջարկի մերժումը ոչ թէ անոր համար էր, որ հիմնադրամի օրուան պատասխանատուներն ու պետական ներկայացուցիչները հոգածութեան պակաս կը ցուցաբերէին սուրիահայութեան հանդէպ, այլ պարզապէս որովհետեւ չէր հասկցուած, թէ ի՛նչ կը նշանակէ իսկական համազգային, համահայկական օրակարգ ունենալ: Օրին չհասկցան, թէ համահայկական օրակարգի թելադրանքներէն մեկնելով՝ իրօք որ կարեւորագոյնը տոլարներու գումարը չէր, որ պէտք է հասներ սուրիահայութեան, այլ այն պարունակը եւ հայեցակարգը, որուն մէջ կը տեղաւորուէր ղրկուելիք օժանդակութիւնը, եւ որ անիկա սուրիահայութեան տրամադրուելիք օժանդակութիւն ըլլալէն շատ աւելին էր: Անիկա ներդրումային ծրագիր էր՝ մեր համահայկական, ազգային օրակարգին ի խնդիր:
Հետեւաբար, որքան ցանկալի պիտի ըլլայ, որ երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական այրերուն կողմէ համահայկական օրակարգ զարգացնելու տրամադրութիւնը լիարժէք յանձնառութեամբ կատարուած ըլլայ եւ անոր իրագործումը վճռակամութեամբ յառաջ տարուի: Քանիցս առիթ ունեցած եմ այս ուղղութեամբ նշելու, թէ այսօր արդէն անհեթեթ է խօսիլ Հայաստան-Սփիւռք «յարաբերութիւններ» զարգացնելու մասին: Այդ յարաբերութիւնները եղած են, կային երէկ եւ կան այսօր, բայց այդ «յարաբերութիւններ» ըսուածները անպայման նպատակաուղղուածութիւն չեն ենթադրեր: Անոնք կան եւ պիտի մնան ու զարգանան նոյնիսկ մեզմէ կամ համադրուած ճիգերէ անկախ: Այսօր մենք պէտք է արդէն խօսինք Հայաստան-սփիւռքահայութիւն «գործընկերութեան» մասին եւ անոր զարգացումին է որ պէտք է ձգտինք: Գործընկերութիւնը նպատակ կ՛ենթադրէ, առաքելութիւն կ՛ունենայ, եւ աւելի կարեւորը՝ երկկողմանի ճիգեր կ՛ակնկալէ փոխադարձ շահեր իրականացնելու համար:
Մինչեւ օրս, մեր պետական այրերուն եւ կառոյցներուն համար Սփիւռքի ներգրաւուածութիւնը ապահովել նշանակած է այս վերջինին միջոցներու ներգրաւումը՝ յօգուտ հայրենիքի հզօրացման: Ինչ խօսք որ այս մէկը ազնիւ եւ հայրենանպաստ բաղադրիչներէն մէկը կրնայ ըլլալ համահայկական օրակարգին եւ Հայաստան-Սփիւռք գործընկերութեան: Բայց անիկա միայն մէկն է շատ աւելի բարդ եւ բազմակողմանի ծրագիրի մը նախադրեալներէն: Որպէսզի կարելի ըլլայ իսկապէս եւ վերջապէս շղթայազերծել այն մեծագոյն կարողականութիւնն ու հսկայական ներուժը, զորս Հայկական Սփիւռքը կը պարփակէ իր մէջ, իսկական գործընկերութեան մը պէտք է ձեռնարկել՝ համակարգուած կերպով, հետեւողականօրէն եւ նոր ձեւաչափով: Այս մէկը բարդ նախաձեռնութիւն է, բայց այնքան խոստմնալից՝ ըստ իս, իրագործելի: Անիկա Հայաստանին եւ Արցախին կը ծառայէ ոչ թէ այս վերջիններուն սեփական ու միակողմանի եւ որքան ալ վեհ շահերուն, այլ որովհետեւ անոնց շահերը նաեւ փոխադարձ սնունդ են Սփիւռքի շահերուն: Նոյն այս տրամաբանութեամբ՝ սփիւռքահայութեան կարիքներուն հասնիլը եւ անոր համայնքներուն հզօրացումը ապահովելը նոյն ինքն Հայաստան Աշխարհի ամէնէն անմիջական շահերէն կը փխի, այնպէս, ինչպէս իր զինուած ուժերուն հզօրացումը պիտի սպասարկէր իր անվտանգութեան եւ շահերուն:
Ուստի, եթէ լուրջ են դէպի Սփիւռք բացուելու եւ Սփիւռքին հասնելու նկրտումները,- ես կասկած չունիմ, որ որեւէ հայ մարդ պէտք է ունենայ նման բնազդև մտադրութիւն- ապա ուրեմն պէտք է հասկնալ, թէ մեր պատմութեան այս հանգրուանին, Սփիւռքին «հասնիլ» չի նշանակեր անոր հաստատութիւններուն կամ ծրագիրներուն նիւթական միջոցներ տրամադրել:
Սփիւռքը եւ սփիւռքեան համայնքները ունին եւ կրնան ստեղծել իրենց հաւաքական կարիքները բաւարարելու համար անհրաժեշտ նիւթական միջոցները՝ այնպէս, ինչպէս սուրիահայութիւնը կրնար եւ կրնայ այլապէս մէջտեղ բերել այն քանի մը միլիոն տոլարը, որ իրեն պիտի տրամադրուէր: Այսուհանդերձ, սփիւռքահայութեան համար օդի եւ ջուրի նման կենսական են ազգային հոգեմտաւոր եւ գաղափարական սնունդն ու լիցքը: Այդ էր նաեւ, որ հիմնադրամը պիտի տրամադրէր սուրիահայութեան, եւ այդ հոգեմտաւոր ներդրումն էր, որ պիտի կատարէր հայ ազգը, եթէ Համահայկական հիմնադրամը օրին իր ընթացիկը մէկ կողմ դնելով՝ որդեգրէր իսկական համահայկական հայեցակարգ եւ օրակարգ: Եւ այս պէտք էր իրագործել,- կը կրկնեմ՝ ոչ միայն մեր ազգի մէկ մասնիկին հասնելու առաքելութեամբ, այլ համահայկական օրակարգը կուռ եւ անսակարկելի պահելու համար: Բան մը, որուն օգուտը միեւնոյնն է, բազմապատկուած տարողութեամբ ապագային պիտի վերադառնար հիմնադրամի դասական ծրագիրներուն համար: Բայց դժբախտաբար այդպէս չեղաւ: Չեղաւ, որովհետեւ «համահայկական» ըսուածին հայեցակարգը չհասկցուեցաւ:
Եւ ուրեմն, երբ մեր պետական այրերը կը խօսին Հայաստանի եւ Արցախի կողքին, նաեւ հասնելու սփիւռքահայութեան կարիքներուն, մեզի կ՛իյնայ ողջունել այդ ցանկութիւնը, զօրակցիլ այդ մտադրութեան եւ նպաստել այդ առաքելութեան: Սակայն մեզի կ՛իյնայ նաեւ օգտուիլ առիթէն եւ յորդորել, որ այս անգամ գէթ Սփիւռքի հետ գործընկերութեան մը պարունակը ճիշդ գնահատուի, եւ ճիգերու աւելորդ ու քաղաքականացած խաղերով կարեւորագոյն առիթներ չմսխուին:
Հայ մարդու բնազդը կը ձգտի հայկական ներուժի հաւաքագրում իրականացնել: Սակայն, նման հաւաքագրումը պէտք է կատարուի Հայաստանի եւ սփիւռքահայութեան միջեւ իսկական, հայեցակարգային, խորքային, անկեղծ եւ յանձնառու գործընկերութեամբ՝ յանուն գերազանցապէս համահայկական օրակարգի մը իրականացման: