ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ներկայացուցիչներու տունը 18 Յունիսին վաւերացուց Արցախի ականազերծման ծրագիրին եւ վերականգնման ծառայութիւններուն յաւելեալ 1.5 միլիոն տոլարի օգնութիւն տրամադրելու առաջարկը, զոր ներկայացուցած էր Կեդրոնական Քալիֆորնիայէն քոնկրեսական Թի. Ճէյ. Քոքս։
Առաջարկը 231 թեր եւ 187 դէմ քուէներով վաւերացուեցաւ Ներկայացուցիչներու տան մէջ։
Ներկայացուցիչներու տան մէջ, առաջարկին ի նպաստ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին Քոքս շեշտեց Արցախի Հանրապետութեան ուղղակի աջակցութիւն տրամադրելու եւ յատկապէս անոր ականազերծման ջանքերուն նեցուկ կանգնելու կարեւորութիւնը:
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ականներու պայթումներէն քաղաքացիական բնակչութիւնը ունի կորուստներու բարձր ցուցանիշ: Ըստ «Հէյլօ Թրասթ»ի տուեալներուն՝ վերջին տասնամեակներուն ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ականներու պայթումներուն իբրեւ արդիւնք՝ զոհ-ուած են առնուազն 400 քաղաքայիններ: Իմ ներկայացուցած առաջարկը պիտի ապահովէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ականազերծման եւ վերականգնման ծրագիրներու շարունակական աջակցութիւնը: Վճռականութեամբ կ՛աշխատիմ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի անդամ իմ պաշտօնակիցներուն, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին ու «Հէյլօ Թրասթ»ի հետ, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ համայնքներու վերականգնումը ապահովելու հարցով», ըսաւ Քոքս:
Քոնկրեսականը այս նպատակով 2020ի պետական ամավարկով Արցախին 1.5 միլիոն տոլարի ուղղակի աջակցութիւն տրամադրելու առաջարկը կատարած էր։ Անոր նեցուկ կանգնեցան Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետներ՝ Ֆրենք Փալոն եւ Ճեքի Սփիր, ինչպէս նաեւ փոխատենապետ Էտըմ Շիֆ:
Ներկայացուցիչներու տան Յատկացումներու յանձնախումբի բարձրաստիճան հանրապետական անդամ Հել Ռաճըրզ դէմ արտայայտուեցաւ այս առաջարկին։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Քոքսին եւ անոր առաջարկին վաւերացման նպաստած իւրաքանչիւր քոնկրեսականի:
Նշենք, որ Մարտ ամսուան ընթացքին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը մօտէն գործակցած էր Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին հետ, նշեալ առաջարկը ներկայացնելու համար Ներկայացուցիչներու տան: Հայ Դատի կոչին, նաեւ հազարաւոր հայորդիներու՝ իրենց շրջանի քոնկրեսականներուն դիմումին ընդառաջելով է, որ Սփիրի առաջարկին ի նպաստ քուէարկէ քոնկրեսականներուն մեծամասնութիւնը։