ՊՈԼԻՍ.- «Մարմարա»ն կը գրէ, թէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական տեղապահ Սահակ եպս. Մաշալեան 12 Յուլիսի երեկոյեան այցելեց կուսակալութիւն եւ ընդունուեցաւ կուսակալ Ալի Երլիքայայի կողմէ։ Սրբազանին ընկերակցեցան պատրիարքական աթոռի լուսարարապետ Թաթուլ Ծ. վրդ. Անուշեան եւ Կրօնական ժողովի անդամ Գրիգոր Ա. քհնյ. Տամատեան։
Մօտաւորապէս կէս ժամուան մտերմիկ ընդունելութեան ընթացքին տեղապահ սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց կուսակալին ցուցաբերած հետաքրքրութեան համար։ Իր կարգին, կուսակալ Երլիքայա, շնորհաւորելով Սահակ սրբազանին ընտրութիւնը՝ յաջողութիւն մաղթեց եւ շեշտեց, թէ պատրաստ է նեցուկ կանգնելու համայնքին։
Տեղապահ սրբազանը եւ ընկերակիցները շնորհակալութիւն յայտնելով՝ բաժնուեցան կուսակալութենէն։
«Կուսակալին կողմէ տեղապահ Մաշալեան սրբազանին ցոյց տրուած ընդունելութիւնը ամէն բանէ առաջ դրական նշան է այն մասին, թէ այս անգամ իշխանութիւնները որեւէ վերապահութիւն չունին տեղապահի ընտրութեան եւ տեղապահ ընտրուած անձին նկատմամբ։ Ասիկա լաւ նշան է եւ յայտնի կը դարձնէ, որ այս անգամ խոչընդոտներ պիտի չստեղծուին պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին առջեւ», կը գրէ «Մարմարա»ն։