ԵՐԵՒԱՆ.- «National Geographic» ամսագիրը հրապարակած է Արարատ լերան լուսանկարը, թերթին «Instagram»ի բաժանորդներուն ցոյց տալով լերան ձմեռնային լուսանկարները՝ ձիւնի մէջ եւ մոխրագոյն երկինքի տակ, կը հաղորդէ «arenanews.am»ը՝ գրելով. «Արարատը յանգած հրաբուխ է Թուրքիոյ արեւելքը եւ անիկա երկրին ամենաբարձր կէտն է: Կարգ մը գիտնականներ կը կարծէին, որ Աստուածաշունչի Արարատ լեռը կրնայ այսօրուան Արարատը չըլլալ, սակայն 11րդ դարէն ի վեր քրիստոնէական աշխարհը այն կարծիքին յանգած է, որ Նոյեան տապանը հոն հանգրուանած է»:
Վերջաւորութեան՝ ամսագիրին խմբագիրները կարեւոր «յիշեցում» մը ըրած են՝ գրելով #armenia:
Անշուշտ, այս արարքը զայրացուցած է թուրք օգտատէրերը, որոնք նաեւ դժգոհ են այն իրողութենէն, որ լեռը նշուած է իր իսկական՝ Արարատ անունով եւ ոչ թէ անոր թրքական անուանումով՝ Աղրի:
Սակայն, զայրացած քաղաքացիներուն պատասխանող մը յիշեցուցած է, թէ ամէն ինչ ճիշդ է գրութեան մէջ, քանի որ լուսանկարը առնուած է Հայաստանի կողմէն։