ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ՀՅ Դաշնակցութեան Գերագոյն մարմինը կը շարունակէ խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերու հետ քաղաքական հանդիպումներու շարքը՝ քննարկելու համար երկրին արտաքին եւ ներքին քաղաքական զարգացումներուն վերաբերող հարցեր:
Ուրբաթ, 19 Յուլիսին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում «Ազգային Օրակարգ» կուսակցութեան խորհուրդի անդամներ Արա Յակոբեանի, Աշոտ Ղազարեանի, Նորայր Աղայեանի եւ Արա Գասպարեանի հետ:
Դաշնակցութեան կողմէ հանդիպման մասնակցեցան ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան, ՀՅԴ մասնագիտական ոլորտային յանձնախումբերու համակարգող Արծուիկ Մինասեան, ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամներ Լիլիթ Գալստեան եւ Արթուր Խաչատրեան:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկրի ներքաղաքական իրավիճակին վերաբերող հարցեր: Կողմերը, կարեւոր նկատելով դատա-իրաւական համակարգին մէջ բարեփոխումներու անհրաժեշտութիւնը՝ իրենց մտահոգութիւնները յայտնեցին դատական համակարգին շուրջ ընթացող գործընթացներուն հարցով: Երկրին ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներու լոյսին տակ կարեւոր նկատուեցաւ համագործակցութեան կարելիութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը: Ձեռք բերուեցաւ քաղաքական համագործակցութիւնը եւ խորհրդակցութիւնները շարունակելու ու արդիւնաւորելու պայմանաւորուածութիւն: