ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ ընդհանուր աւանդներու ծաւալները Մայիս 2019ին, նախորդ տարուան նոյն ժամանակամիջոցին հետ համեմատած՝ աճած են 19 տոկոսով, կազմելով 3 եռիլիոն 111 միլիառ դրամ:
Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը հրապարակած է այս տարուան Մայիս ամսուան ընթացքին առեւտրական դրամատուներու մէջ պահ դրուած աւանդներու, ինչպէս նաեւ առեւտրական դրամատուներու եւ վարկային կազմակերպութիւններու կողմէ տրամադրուած վարկերու ծաւալները, որոնց համաձայն՝ ոչ-մշտական բնակիչներէն ներգրաւուած աւանդներու ծաւալները աճած են շուրջ երկու անգամ, իսկ մշատական բնակիչներէ ներգրաւուած աւանդներու ծաւալները՝ 10 տոկոսով:
Նոյն ժամանակամիջոցին ոչ-մշտական բնակիչներէ արտարժոյթով ներգրաւուած աւանդներու ծաւալը նախորդ տարուան հետ համեմատած՝ աճած է շուրջ 59 տոկոսով:
Աւելցած են նաեւ առեւտրական դրամատուներու եւ վարկային կազմակերպութիւններու կողմէ տրամադրուած վարկերու ծաւալները. ընթացիկ տարուան Մայիսին, նախորդ տարուան Մայիսին հետ համեմատած աճած են շուրջ 14 տոկոսով: