ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երեքշաբթի, 6 Օգոստոսին, «Ապրիլ» գրատան մէջ տեղի պիտի ունենայ վաստակաւոր ուսուցիչ ու Սարվարեան դպրոցի երկար տարիներու ղեկավար Լէոնիդ Սարվարեանի եւ իր աշակերտներուն միջեւ հանդիպումը, որ խորհրդանշականօրէն կոչուած է «Վերջին Ժուռֆիքս»ը: Այս առիթով պատրաստուած տեսանիւթը կարելի է դիտել www.sarvarian.com/leonid-sarvarians-jour-fixe կայքէջին վրայ։
Այս նախաձեռնութիւնը նպատակ ունի վերակենդանացնել Լէոնիդի փափաքած որակով աշակերտական հաւաքոյթներու նման երեկոյ մը, երբ անոր նախկին աշակերտները առիթ պիտի ունենան անգամ մը եւս հանդիպելու իրենց սիրելի եւ նուիրուած ուսուցիչին հետ:
Մուտքը ազատ է բոլորին համար, սակայն կազմակերպիչները կը փափաքին մասնակցիլ ուզողներէն, որ իրենց ներկայութեան մասին տեղեկացնեն ձեռնարկին համար կազմուած «Ֆէյսպուք»ի էջին միջոցաւ (www.facebook.com/events/943946382614808)՝ դիմելով Արմէն Սարվարեանին, հետեւեալ հասցէին՝ armenn18@yahoo.com։
Նախատեսուած են՝ աշակերտական յուշեր, գրառումներու ընթերցումներ, դասական երաժշտութեան կատարումներ եւ համեստ հիւրընկալութիւն։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ այցելել www.sarvarian.com կայքը կամ դիմել «Ապրիլ» գրատուն՝ (818) 243-4112 թիւով եւ noor@abrilbooks.com հասցէով։
«Ապրիլ» գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Ste. 102, Glendale, CA 91205։