ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Կրեմի» թանգարանը կը տեղակացնէ, թէ այս տարի 200,000 տոլարի նպաստներ պիտի տրամադրէ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի տարածքին իրագործուող 15 ծրագրիներու, աջակցելու համար երաժշտական զանազան ուսումնասիրութիւններու, ինչպէս նաեւ արխիւային եւ պահպանման աշխատանքներու:
Այս տարի թանգարանէն դրամաշնորհ ստացողներէն մէկը պիտի ըլլայ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ուսմանց ծրագիրը, որ գումարը պիտի տրամադրէ իր տրամադրութեան տակ գտնուող հայկական երաժշտական եզակի ստեղծագործութիւններու ձայնագրութիւնները ցանկագրելու եւ դիւրամատչելի արխիւ մը պատրաստելու ջանքերուն: Թանգարանը 5000 տոլար պիտի յատկացնէ այս ծրագիրին։
«Այս նախաձեռնութիւնը պիտի կեդրոնանայ Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայկական Սփիւռքէն հաւաքուած եւ գրեթէ 1500 սկաւառակների վրայ պահուող ձայնագրութեանց արձանագրութեան եւ ցանկագրումին վրայ: Միացեալ Նահանգներու մէջ իրականացած ձայնագրութիւնները կը փաստագրեն ամերիկահայերու պատմութիւնը: Հաւաքածոն կը պարունակէ երգերը այնպիսի երաժիշտների, որոնց ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական կարգավիճակը պարտադրած է անոնց լքել հայրենիքը», գրուած է թանգարանին հաղորդագրութեան մէջ: