ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, 8 Օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 7ին, «Ռոսլին» գեղարուեստի ցուցադրասրահին մէջ բացումը տեղի պիտի ունենայ «Բուժող Գոյներ» խմբային ցուցահանդէսին։ Պիտի ներկայացուին Հայաստանի զանազան հոգեբուժարաններու բնակիչներուն ստեղծագործութիւնները։
Հայաստանի հոգեբուժարաններուն մէջ արուեստը իբրեւ դարմանումի միջոց օգտագործելու նախաձեռնութեան պատասխանատուն «Արուեստի ջատագովման զարգացում» ոչ-կառավարական կազմակերպութիւն է, որուն պիտի յատկացուի ցուցահանդէսին հասոյթին մեծ մասը։
Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 31 Օգոստոս։
«Ռոսլին» ցուցադրասրահին հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale CA 91205: Անիկա բաց է Երկուշաբթիէն Շաբաթ, առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ հեռաձայնել (818) 241-0611 թիւին կամ դիմել noor@abrilbooks.com հասցէին: