ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Ապրիլ» գրատան նախաձեռնած Երաժշտական երեկոներու շարքին յաջորդը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 10 Օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ:
Երեկոն առիթ մը պիտի հանդիսանայ ծանօթանալու Պէյ Ռուի (Պարոյր Փանոսեան) երաժշտական ստեղծագործութեանց ակունքերը հանդիսացող՝ 1960ականներէն 1980ականներու միջեւ արտադրուած հայկական երաժշտական յաւելեալ գործերու, որոնցմէ յատկանշական հաւաքածոյ մը ունի երաժիշտը: Ան նաեւ պիտի պատմէ հազուագիւտ ալպոմներ եւ երգեր ճարելու կապակցութեամբ իր արկածախնդրութիւններուն մասին: Նշենք, որ անցեալ տարի եւս նման ձեռնարկ մը տեղի ունեցած էր։
Հայկական երգերը արդի երաժշտութեան հետ հետաքրքրականօրէն միաձուլելով ունկնդիրին հրամցնող Պէյ Ռու 2010ին հրապարակած էր իր անդրանիկ ալպոմը՝ «Փոքրիկ Հայաստան»ը («Little Armenia»), որմէ ետք արտադրած է եւս երկու ալպոմներ, իսկ ներկայիս կ՛աշխատի չորրորդին վրայ, որ հաւանբար շուկայ իջնէ այս տարուան վերջաւորութեան: Ան նաեւ հեղինակն է շարք մը շարժապատկերներու երաժշտութեանց:
Մասնակցութեան սակը 15 տոլար է, զանոնք կանխաւ ապահովելու պարագային, իսկ մուտքին՝ 20 տոլար:
Տոմսերը կարելի է կանխաւ ապահովել գրատունէն կամ այցելելով՝ www.itsmyseat.com/abrilbooks կայքէջը:
«Ապրիլ» գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA 91205:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ դիմել (818) 243-4112 թիւին կամ noor@abrilbooks.com հասցէին: