ԵՐԵՒԱՆ.- «Յատկապէս այս Սպիտակ տունը առաջին անգամը չէ, որ փորձում է Արցախին տրամադրուող օժանդակութիւնը ոչ միայն կրճատել, այլեւ ընդհանրապէս դադարեցնել: Թէեւ նախորդ վարչակազմի օրօք էլ այնպէս չէր, որ ուղղակի բիւջէի մէջ գրւում էր յատկացման մասին, բայց ինչ-որ տեղ արձանագրւում էր: Այս իշխանութիւնների համար մի քանի խնդիր կայ, որոնցից գլխաւորը Ադրբեջանի ազդեցութեան հարցն է», «Փաստինֆօ»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:
Յիշեցնենք, որ նախօրէին Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ահազանգած էր, որ ամերիկեան վարչակազմը մտադիր է երկու ամսուան ընթացքին դադրեցնել Արցախին տրամադրուող ֆինանսական օգնութիւնը, որ նախնական հաստատման արժանացած էր 2020ի ելեւմտական ծրագիրով:
Կիրօ Մանոյեանի համաձայն՝ առհասարակ, Միացեալ Նահանգներու գործող իշխանութիւնը նուազեցուցած է մարդասիրական օժանդակութիւնները: Սպիտակ տունը, ինչպէս նշեց Կիրօ Մանոյեան, կը ներկայացնէ պատճառաբանութիւններ, որոնք սակայն, ըստ անոր, զուտ պատրուակներ են: «Իրական նպատակն այն է, որ իրենք Ադրբեջանին չանհանգստացնեն, քանի որ Միացեալ Նահանգները աշխարհում միակ պետութիւնն է, որը այսպէս ուղղակի մարդասիրական օժանդակութիւն է տրամադրում Արցախին», համոզում յայտնեց Կիրօ Մանոյեան:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներ Արցախին մարդասիրական օժանդակութիւն կը տրամադրեն 1998էն ի վեր: Կիրօ Մանոյեան վստահ չէ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները Արցախին տրամադրուող օժանդակութեան հաւանական դադրեցման հարցը բարձրացուցած են ամերիկեան կողմին մօտ:
«Վստահ չեմ , որ Հայաստանի իշխանութիւնները Արցախի օժանդակութեան հետ կապուած խնդրով ինչ-որ բան ասում են Միացեալ Նահանգների իշխանութիւններին: Եթէ համեմատենք, օրինակ՝ Ֆրանսիայում առկայ խնդրի հետ, երբ Ֆրանսիայի իշխանութիւնները ադրբեջանական ճնշումների ազդեցութեան տակ սկսեցին դատական գործերով Արցախի քոյր քաղաքների հետ կապուած որոշումները չեղարկել, Հայաստանի իշխանութիւնը՝ մեր արտգործ նախարարութիւնն ասաց, որ դա Արցախի խնդիրն է, Արցախն է զբաղւում, մենք անելիք չունենք: Այս դէպքում էլ շատ վստահ չեմ, որ ՀՀ իշխանութիւնները դժգոհութիւն կամ մտահոգութիւն արտայայտած լինեն», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան:
Նշենք, որ վերջերս՝ 14-26 Յուլիսին աշխատանքային այցելութեամբ Միացեալ Նահանգներ մեկնած էր Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Մօտաւորապէս նոյն օրերուն Միացեալ Նահանգներ կը գտնուէին նաեւ Հայաստանի փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան ու արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ պատահակա՞ն է արդեօք, որ Արցախի տրամադրուող օժանդակութեան վերաբերեալ տեղեկատուութիւնը ստացուած է հայ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու ամերիկեան այցելութիւններէն ետք, Կիրօ Մանոյեան արձագանգեց. «Արարատ Միրզոյեանը ԱՄՆ Կոնգրեսի Ներկայացուցիչների պալատի ղեկավարութիւնը միջոցառմանը մասնակցելու համար էր մեկնել, նոյն օրերին փոխվարչապետ Աւինեանն էր այնտեղ եւ արտգործնախարար Մնացականեանը, բայց ամենակարեւոր հարցն այն է՝ նրանք այս խնդրով խօսե՞լ են, թէ չեն խօսել: Այդ հարցը պարզ չէ: Այնպէս չէ, որ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները վատանում են, այս ամէնը վկայում է, որ ԱՄՆ իշխանութիւնները Արցախի հարցով Ադրբեջանին բաւարարելու համար ինչ-որ կեցուածք են որդեգրել: Եթէ Հայաստանի իշխանութիւնը նոյն կերպ է առաջնորդւում, ինչ Ֆրանսիայի հարցում, նշանակում է, որ ոչ թէ չեն կարողացել որեւէ բան անել, այլ պարզապէս քայլեր չեն արել, չեն զբաղուել այդ հարցով, ինչը սխալ է»։
Կիրօ Մանոյեանի համաձայն՝ Հայաստան-Արցախ ռազմավարական համագործակցութեան պայմանագիրը, որուն կնքման անհրաժեշտութեան մասին կը բարձրաձայնէ Դաշնակցութիւնը, նման իրավիճակներու համար էական նշանակութիւն կրնայ ունենալ: Այդ փաստաթուղթին մէջ, ըստ Մանոյեանի, յստակ կը դրուի հարցը, որ Հայաստանի թէ՛ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, թէ՛ խորհրդարանական դիւանագիտութիւնն ու պետական այլ կառոյցներ պէտք է Արցախին օժանդակեն միջազգային յարաբերութիւնները պատշաճ իրականացնելու համար: ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերը այս ուղղութեամբ քայլեր վստահաբար կ՛իրականացնեն, բայց Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր բոլոր կարելիութիւններով պէտք է աջակցի այդ քայլերուն: