ՀԱԼԷՊ.- Հինգշաբթի, 1 Օգոստոսի երեկոյեան, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան, ընկերակցութեամբ Ազգային կրօնական եւ վարչութեան ժողովի ներկայացուցիչներուն՝ այցելեց Հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր պետ Պետրոս արք. Միրիթեանին:
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ, Հայ կաթողիկէ հոգեւորականաց դասուն եւ յանձնախումբերու անդամներուն ներկայութեամբ:
Գերապայծառը բարի գալուստի խօսք արտասանեց առաջնորդ սրբազան հօր, մաղթելով արեւշատութիւն եւ բեղուն ծառայութիւն: Ապա ան անդրադարձաւ Հայ կաթողիկէ համայնքի գործունէութեան, մասնաւորաբար հալէպահայ իրականութեան մէջ. նոյն ժամանակ փորձառաբար վկայեց, թէ իր 29 տարիներու առաջնորդութեան նստաշրջանին համագործակցութեան ոգիով ծառայած է, ի խնդիր հոգեւոր, բարոյական եւ ազգային արժէքներու պահպանման եւ տարածման:
Առաջնորդ սրբազան հայրը, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց գերապայծառին եւ համայնքի ներկայացուցիչներուն ջերմ ու սիրալիր դիմաւորութեան համար:
Սրբազան հայրը նշեց, թէ հալէպահայութիւնը գոյապայքար կը մղէ, ուստի, համբերութեամբ եւ յոյսով զինուած լաւատեսութեամբ կը նայի գալիքին, այն ակնկալութեամբ, որ Աստուած բարիին գործակից է. ահա, թէ ինչո՛ւ յուստահատական դոյզն նշոյլն անգամ խստիւ մերժելի պէտք է ըլլայ:
Երկու համայնքապետները կարեւորութեամբ շեշտեցին հետեւողական ճիգերով վերականգման
աշխատանքներուն մասնակից դառնալը, բան մը, որ առաջնահերթութիւն է սուրիահայութեան համար:
Հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցաւ ծանօթացում, մտերմիկ զրոյց ապա՝ շնորհաւորանք: