ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ուրբաթ, 2 Օգոստոսին, Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեցին Վատիկանի մօտ Հայաստանի դեսպան Կարէն Նազարեան եւ անոր կինը: Դեսպան Նազարեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ներկայացնէ նաեւ Մալթայի մօտ:
Այցելութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ անդրադառնալու յատկապէս Վատիկանի հետ հայ եկեղեցւոյ ու մասնաւորաբար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան սերտ յարաբերութեան:
Ապա, տէր եւ տիկին Նազարեաններ վեհափառին ճաշի հիւրը եղան:
Յայտնենք, որ նոյն օրը յաջորդաբար վեհափառ հայրապետին այցելեցին ՀՅԴ Բիրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի թեմի երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Սեպուհ Մանճիկեան: