Հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական դաստիրակութեան բաժանմունքին, 12-16 Օգոստոսին Ս. Աստուածածին վանքի ուխտի տօնին առիթով իրագործուեցաւ Աստուածամօր նուիրուած հոգեպարար դասախօսութիւններու, խորհրդածութիւններու եւ աղօթասացութիւններու շարք մը, ինչպէս նաեւ օրական դրութեամբ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ:
Երկուշաբթի առաւօտուն ուխտաւորները հաղորդուեցան «Մարիամ Աստուածածնի Կուսութիւնը» նիւթով, զոր ներկայացուց Աշոտ աբղ. Խաչատուրեան: Երեկոյեան պատարագը մատուցեց Օշին աբղ. Չուալերթանեան, իսկ Մակար եպս. Աշգարեան նախագահեց աղի օրհնութեան արարողութեան:
Նոյն օրը առաւօտեան, Աւետիք աբղ. Տէր Կարապետեան խօսեցաւ «Աստուածածինը Հին Կտակարանին Մէջ» նիւթը: Լեւոն աբղ. Եղիայեան մատուցեց պատարագը, որուն աւարտին կատարուած խունկի օրհնութեան նախագահեց Անանիա Ծ. վրդ. Գուճանեան: Այս պատարագին մասնակցեցան եւ Ս. Խորանին սպասարկեցին Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ ծխատէր քահանան եւ դպրաց դասը:
Չորեքշաբթի առաւօտուն «Աստուածածինը Նոր Կտակարանին Մէջ» նիւթը ներկայացուց եւ երեկոյեան պատարագը մատուցեց Սարգիս աբղ. Աբրահամեան՝ մասնակցութեամբ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ծխատէր քահանային եւ դպրաց դասին:
Պատարագի աւարտին կատարուած ջուրի օրհնութեան նախագահեց Սմբատ վրդ. Սապունճեան:
Հինգշաբթի առաւօտուն, Գէորգ աբղ. Գարակէօզեան ուխտաւորներուն ներկայացուց «Աստուածածինը Հայ Եկեղեցւոյ Ծէսին մէջ» նիւթը եւ երեկոյեան մատուցեց պատարագը՝ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ ծխատէր քահանային եւ դպրաց դասին մասնակցութեամբ: Վիգէն վրդ. Տալգլըճեան նախագահեց իւղի օրհնութեան արարողութեան:
Վերջապէս, Ուրբաթ առաւօտուն, Յակոբ աբղ. Եագուպեան ներկայացուց «Աստուածածինը Շարակնոցին մէջ» նիւթը: