Կիրակի, 11 Օգոստոսի երեկոյեան, Զմմառու մայրավանքի երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի անուան ամփիթատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ երանելիին ծննդեան 150ամեակին նուիրուած յուշ-երեկոյ մը:
Յոբելեանին նախագահեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս-պատրիարքը:
Սոյն ձեռնարկը տեղի ունեցաւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի տեսչութեան կազմակերպութեամբ:
«Տէրունական աղօթք»ով եւ հոգեւոր տիրոջ օրհնութեամբ ընթացք առած յուշ-երեկոյին բացման խօսքը արտասանեցին դպրեվանքի տեսուչ Գրիգոր վրդ. Պատիշահ (հայերէնով) եւ փոխտեսուչ Տիգրան վրդ. Փիլիպոսեան (արաբերէնով): Անոնք հակիրճ կերպով ներկայացուցին դպրեվանքին պատմութիւնը։
Ապա Մաշտոց վրդ. Զահթերեան կարդաց Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան՝ սոյն տօնին առիթով յղած ուղերձը, որուն մէջ նշուած էր. «1915 թուականի Ապրիլ ամիսը հայ ժողովրդի եւ մարդկութեան պատմութեան մէջ ողբերգական ու սարսափելի էջերից մէկն է, որը պատմում է, թէ որքա՛ն ծայրայեղօրէն տարբեր կարող է լինել մարդը: Այս պատճառով, յիշողութեան մէջ անդրադառնալով անցած դարասկզբի դէպքերին, մենք վեր ենք հանում ո՛չ միայն դաժան եւ արիւնարբու պատկերներ, այլեւ մարդկային հոգեւոր սխրանքի օրինակներ, որպէսզի դրանցով կրթուեն, դաստիարակուեն եւ ոգեշնչուեն մեր մանուկները եւ երիտասարդները:
Նահատակուած երանելի Իգնատիոս Մալոյեանը այն հայն էր եւ հոգեւորականը, որի օրինակը կարող է ուսանելի լինել թէ՛ դպրեվանքի սաների եւ թէ՛ ցանկացած հայի համար:
Ապրել գաղափարի համար, ապրել ոգեղէն կեանքով եւ սփռել կրթութեան լոյսը մեր ժողովրդի երկնաշնորհ առաքելութիւնն է: 1750 թուականին հիմնուած Միջին Արեւելքի առաջին կրթօճախը հանդիսացող Զմմառի պատրիարքական կղերի միաբանութեան դպրեվանքը դրա լաւագոյն ապացոյցներից մէկն է: Կրելով երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի անունը՝ դպրեվանքը մի կողմից արձանագրում է իր ձեռքբերումները դաստիարակութեան եւ կրթութեան գործում, միւս կողմից՝ նախանշում է իր հետագայ ընթացքը, գործունէութիւնը, իր ապագան:
Թո՛ղ երանելի Իգնատիոս Մալոյեանին նուիրուած սոյն յուշ-երեկոն եւս մէկ առիթ հանդիսանայ գիտակցելու ու իմաստաւորելու մեր կորուստները եւ ձեռքբերումները, ինչպէս նաեւ հետագայ նպատակները եւ խնդիրները»:
Ուղերձին յաջորդեց ժառանգաւորաց երգչախումբի կատարողութեամբ «Տէր Ողորմեա»ի եւ «Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութիւնը:
Օրուան բանախօս Ժագ Քէշիշեան ամենայն մանրամասնութեամբ եւ խորազնին ուսումնասիրութեամբ ներկայացուց երանելիին վարքը, ծաւալած գործունէութիւնը, նահատակութիւնը եւ երանելիացումը։
Գեղարուեստական յայտագիրը ներկայացուեցաւ բանախօսութեան ընթացքին: Սրբոց Հրեշտակապետաց միացեալ հոգեւոր ճեմարանի դպրեվանեցիները ասմունքեցին Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական»ը, իսկ Արամ Սաատօ «Տլէ Եաման»ը, Նշան Հաննէշեան՝ «Իլ սոն թոմպէ»ն եւ Գէորգ Ներսէսեան՝ «Հրեշտակային»ը երգեցին, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Պետրոս Մարաաշլի Հատտատի:
Ապա ցուցադրուեցաւ երանելի Մալոյեանի նուիրուած տեսանիւթը:
Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր Գաբրիէլ Ծ. վրդ. Մուրատեան արաբերէնով աղօթք բարձրացուց առ Աստուած: Այնուհետեւ, ժառանգաւորաց երգչախումբը հնչեցուց Մալոյեանի նուիրուած «Բազմաչարչար» ողբերգը, ապա հանրութիւնը միասնաբար արտասանեց Մալոյեանի ձօնուած աղօթքը:
Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքի պահպանիչով եւ երանելիին ձեռաց խաչի օրհնութեամբ վերջ գտաւ օրուան յուշ-երեկոն:
Աւարտին ներկաները ստացան Մալոյեանի մասունքով պատրաստուած դիմանկարը: