ԼԱ ՔԱՆԻԱՏԱ.- Ուրբաթ, 6 Սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6ին, «Սթեֆընիզ» ցուցադրասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ գեղանկարիչ Գօգոյի ստեղծագործութիւններուն անհատական ցուցահանդէսին բացումը: Արուեստագէտը ներկայ պիտի ըլլայ բացման արարողութեան, որուն ընթացքին պիտի կատարուի հիւրասիրութիւն: Ան ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ Շաբաթ օր, կ.ե. ժամը 12-4։
«Նկարչական Ճարտարապետութիւն» խորագրուած ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 30 Սեպտեմբեր։
Ցուցադրասրահը բաց է Երկուշաբթիէն Ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6, Շաբաթ օրերը՝ առաւօտեան ժամը 10:30էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5, իսկ Կիրակի օրերը՝ ժամադրութեամբ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել
www.stephaniesgallery.com կայքը, դիմել (818) 790-4905 թիւին կամ info@stephaniesgallery.com հասցէին։
«Սթեֆընիզ» ցուցադրասրահին հասցէն է՝ 466 Foothill Blvd., La Canada, CA 91011: