ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան եւ անձնակազմի անդամներ 7 Օգոստոսին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հարաւային Քալիֆորնիոյ Ասորի-ամերիկացիներու միութեան կազմակերպած եւ 7 Օգոստոսին տեղի ունեցած Ասորիներու յիշատակի օրուան ոգեկոչման ձեռնարկին:
Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցողներու շարքին էր նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արմէն Սահակեան։
Նշենք, որ այս տարուան 22 Յուլիսին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ Ասորի-ամերիկացիներու միութիւնը ստորագրած էին փոխըմբռնման եւ համագործակցութեան յուշագիր մը՝ հայ եւ ասորի համայնքներու իրաւանց պաշտպան այս կազմակերպութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը պաշտօնականացնելու եւ սերտացնելու նպատակով:
«Հայերու եւ ասորիներու միջեւ կապերը հազարամեակներու պատմութիւն ունին եւ հաւատարիմ մնալով այդ պատմութեան՝ այժմ երկու համայնքները միասնաբար կը պայքարին 1915ին, Օսմանեան կայսրութեան ձեռամբ հայերու, յոյներւ եւ ասորիներու դէմ ցեղասպանական արարքին իրականութիւնը աշխարհին ծանօթացնելու եւ վնասուց հատուցում ապահովելու համար», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան:
Նշենք, որ յաջորդական երրորդ տարին ըլլալով է, որ Հայ Դատէն ներկայացուցիչներ կը մասնակցին Ասորիներու յիշատակի օրուան ոգեկոչման ձեռնարկներուն։