ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Պաքու 22 Օգոստոսին, բողոքի նամակ մը յղեց ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարին՝ Արցախի մասին Հայաստանի կողմէ տարածուած փաստաթուղթի մը կապակցութեամբ:
Ըստ հայկական կողմին՝ ՄԱԿին մէջ զեկոյց տարածուած է՝ «Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ ժողովրդավարական պետութիւն կառուցելու եւ տնտեսական, սոցիալական (ընկերային, Խմբ.) ու մշակութային զարգացում ապահովելու նպատակով Արցախի իշխանութիւնների վարած քաղաքականութեան վերաբերեալ»:
Ատրպէյճանի դիւանագիտական գերատեսչութիւնը յայտարարեց, որ Երեւան «չարաշահած է իր անդամակցութեան իրաւունքը եւ անջատողական ապօրինի վարչակարգին մասին փաստաթուղթեր տարածած է»:
Արցախի Հանրապետութեան դիւանագիտական գերատեսչութեան հեղինակած այս փաստաթուղթը Հայաստանի ներկայացուցչութեան քայլին շնորհիւ տեղադրուած է ՄԱԿի պաշտօնական կայքին վրայ։ Հոն կը ներկայացուին տեղեկութիւններ, Արցախի մէջ արձանագրուած յառաջդի-մութեան մասին: