ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Տնտեսագէտ, բնապահպանութեան նախկին նախարար Արծուիկ Մինասեան «Yerevan.Today»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ամուլսարի գործով առարկայական ու անկախ փորձաքննութիւնը պէտք է այս հարցին սպառիչ պատասխան տայ, բայց եւ այնպէս ան մտահոգիչ նկատեց այդ փորձաքննութեան ժամկէտներու ձգձգումը, ինչ որ վատ է: «Ամէն օրը բերում է բացասական էֆեկտ (ազդեցութիւն-Խմբ.) երկրի ներդրումային վիճակի վրայ. իմ ուսումնասիրած շրջանում մենք չենք յայտնաբերել որեւէ այնպիսի օրէնսդրական խախտում, որը հիմք կը տար չեղարկելու եզրակացութիւնը, բայց չի նշանակում, թէ իդէալական էր ամէն ինչ», դիտել տուաւ ան:
Ըստ Արծուիկ Մինասեանի՝ փորձ կը կատարուի տնտեսական զարգացումը անպայման հակադրելու բնապահպանութեան հետ, մինչ հիմնական նպատակ պէտք է ըլլայ շահերու համադրումը, ոչ թէ հակադրումը: «Ամուլսարը դրա լաւ օրինակներից մէկն է, որ կարող է լինել համադրում, ոչ թէ հակադրում: Ամէն ինչ պէտք չէ բացառման սկզբունքով տանել», յայտնեց ան:
Անդրադառնալով տնտեսագէտ, վարչապետի խորհրդական Արտակ Մանուկեանի տեսակէտին, թէ մինչեւ գարուն պիտի լուծուի փորձաքննութեան հարցը՝ Արծուիկ Մինասեան արձագանգեց, որ շատ ուշ է: «Մենք երկու ծայրայեղութեան մէջ ենք. մէկ անխնայ շահագործում ենք հանքերը, մէկ էլ ասում ենք՝ վերջ, այլեւս չենք շահագործելու: Միանշանակ է՝ բնութիւնը պէտք է օգտագործուի, ընդերքը պէտք է օգտագործուի, բայց՝ չափի մէջ»: