
Հայ Ամերիկեան Տարեցներու Միութեան պատասխանատուներէն կ՛իմանանք, որ նախանցեալ գիշերուան ընթացքին, անյայտ անձեր հակահայ «կրաֆիթի»ներ գրած են միութեան 407 East Colorado Street հասցէին գտնուող շէնքի պատին վրայ: «Մահ հայերուն» եւ «Թրամփ կ՛ըսէ՝ անմիջապէս հեռացէք» գրութիւնները գրուած են շէնքին վրայ:
Կլենտէյլ քաղաքի ոստիկանական աղբիւրներ «Ասպարէզ»ին յայտնեցին, որ այս արարքը իրենք կը համարեն Ատելութեան Ոճիռ (Hate Crime): «Ընդհանրապէս «Ատելութեան ոճիռ» կը համարենք, երբ այսպիսի արտառոց ու բացայայտ արարքի մը ականատես կ՛ըլլանք», ըսաւ ոստիկանութեան հանրային տեղեկատուութեան գրասենեակի խօսնակ Տեն Սաթըլզ՝ աւելցնելով, որ ներկայիս ոստիկանութիւնը քննութիւն բացած է նոյն շրջանին մէջ «կրաֆիթի»ի նմանօրինակ այլ արարքներու վերաբերեալ:
«Այս շրջապատին մէջ բոլոր ցեղերուն, սեռերուն եւ կրօններուն հասցէին այսպիսի նախատական գրութիւններ եղած են: Մեր ենթադրութիւնն է, որ, շատ հաւանաբար, այս բոլորը կապ ունին իրարու հետ», ըսաւ Սաթըլզ:
Իր կարգին, Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակը յայտարարութեամբ մը խստօրէն դատապարտեց այս արարքը, զայն համարելով ատելավառութեան արտայայտութիւն, որ »կրաֆիթի«ի ձեւով գրուած էր Հայ ամերիկեան տարեցներու միութեան շէնքի պատերուն վրայ:
«Զայն ցեղապաշտութենէն բացի այլ բան կարելի չէ անուանել: Ցեղապաշտութիւն, որ առաւել եւս անարգական է, որովհետեւ ուղղուած է կազմակերպութեան մը, որուն միակ նպատակը տարեցներուն ծառայել է: Այս ոճրագործութիւնը պէտք է լրջօրէն հետաքննուի եւ անոր պատասխանատուները պէտք է դատուին: Ատելութիւնը եւ ցեղապաշտութիւնը տեղ չունին Կլենտէյլի մէջ», կ՛ըսուի Հայ Դատի յայտարարութեան մէջ:
«Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը սերտօրէն կ՛աշխատի Հայ ամերիկեան տարեցներու միութեան եւ Կլենտէյլի ոստիկանութեան հետ, որ արդէն ձեռնարկած է հետաքննական աշխատանքի», յայտնեց Հայ Դատի յանձնախումբը: