ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կիպրոսի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ Կիպրոսի Սթրովոլոս քաղաքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը (Աննա Գարիտի, Իրինի Վիոլարի, Մարիոս Հաճիվասիլու, Մարիոս Անտրէու եւ Փանայոթիս Մանոլի) Արցախ կ՛այցելէ՝ ղեկավարութեամբ քաղաքապետ Անտրէաս Փափախարալամփուսի։ Անոնք տեսակցութիւններ ունեցան Արցախի նախագահին, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի, արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի եւ Ստեփանակերտի քաղաքապետին հետ։
Պատուիրակութեան կ՛ընկերակցին ՀՅԴ Կիպրոսի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Յակոբ Գազանճեան, ՀՅԴ Կիպրոսի կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Մահտէսեան եւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ հանդիպումին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման առնչուող տարբեր հարցեր: Նախագահը նշեց, որ Կիպրոսը յատուկ տեղ կը գրաւէ Արցախի արտաքին քաղաքական օրակարգին մէջ, եւ մեր հանրապետութիւնը շահագրգռուած է այդ երկրի եւ անոր տարբեր միաւորներու հետ կապերու ընդլայնմամբ ու խորացմամբ:
Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան Կիպրոսի պատուիրակութեան հետ հանդիպումին անդրադարձաւ Կիպրոսի եւ հայ ժողովուրդներու պատմութիւններու եւ ճակատագիրներու նմանութեան՝ համոզմունք յայտնելով, որ պարբերական հանդիպումները կարելիութիւն ստեղծեն իրարու ճանչնալու եւ երկու երկիրներու քաղաքներուն միջեւ կապերը մնայուն դարձնելու։
Խօսելով Կիպրոսի հետ յարաբերութիւններուն մասին՝ խորհրդարանի ղեկավարը նշեց, որ Արցախի արհեստական մեկուսացուածութեան պայմաններուն մէջ անիկա նաեւ պատուհան է դէպի Եւրոպա՝ յոյս յայտնելով, որ յանձին Կիպրոսի, Արցախ կ՛ունենայ իր իրաւունքներուն ու շահերու պաշտպան Եւրոպական խորհրդարանին մէջ:
Քաղաքապետ Անտրէաս Փափախարալամփուս խօսեցաւ Կիպրոսի մէջ բնակող հայ համայնքին եւ անոր գործունէութեան մասին: Շեշտելով երկու ժողովուրդներու պատմական անցեալի նմանութիւնը՝ ան նշեց, որ արդի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար անհրաժեշտ է, որ երկու ժողովուրդները միասնական ըլլան: Անդրադառնալով ատրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապին՝ քաղաքապետը յոյս յայտնեց, որ անիկա պիտի լուծուի խաղաղ ուղիով՝ յարգելով մարդու հիմնարար իրաւունքները եւ միջազգային իրաւունքի այլ դրոյթներ:
«Համոզուած եղէք, որ այս պահէն սկսեալ Արցախի պայքարի դեսպաններն ենք ո՛չ միայն Կիպրոսի, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի մէջ», նշեց ան:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի եւ Կիպրոսի խորհրդարանական յարաբերութիւններուն, մարդասիրական ոլորտին մէջ համագործակցելու հեռանկարներուն, ենթակառուցուածքներու զարգացման առումով փորձառութեան փոխանակման եւ այլ հարցերու լայն շրջանակ:
Հանդիպման մասնակցեցան Ազգային ժողովի փոխնախագահ, «Արցախի Հանրապետութիւն-Եւրոպական խորհրդարան» բարեկամական խումբի նախագահ Վահրամ Բալայեան, Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Արզիկ Մխիթարեան եւ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆելիքս Խաչատրեան:
Անկէ ետք տեղի ունեցաւ հանդիպում մը »Արցախի Հանրապետութիւն-Եւրոպական խորհրդարան« բարեկամական խումբին հետ, որուն նախագահը՝ Վահրամ Բալայեան, հիւրերուն ներկայացուց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի կառուցուածքը, խօսեցաւ երկրի կառավարման համակարգին, տնտեսական ցուցանիշներու եւ անվտանգութիւնը ապահովող պաշտպանութեան բանակին մասին:
Բարեկամական խումբի անդամներուն հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու մակարդակի վրայ փոխգործակցութեան, ինչպէս նաեւ մշակոյթի, կրթութեան եւ գիտութեան բնագաւառներուն մէջ փորձառութեան փոխանակման եւ ընդգրկուն համագործակցութեան կարելիութիւնները:
Երկուստեք կարեւոր նկատեցին Արցախի եւ Կիպրոսի յարաբերութիւններու խորացման վերաբերող աշխատանքներու եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու միջեւ համագործակցութեան շարունակականութիւնը:
Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան Կիպրոսի պատուիրակութեան հետ հանդիպումին անոնց այցելութիւնը շատ լաւ առիթ նկատեց ծանօթանալու երկրին, հանրապետութեան մէջ պետականաշինութեան գործընթացին, յատկապէս՝ տեղական ինքնակառավարման համակարգի կայացման ու զարգացման ուղղութեամբ արձանագրուած ձեռքբերումներուն: Ան ընդգծեց ապակեդրոնացեալ համագործակցութեան ձեւաչափով արտաքին կապերու հաստատումը՝ որպէս Արցախի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւններէն մէկը, ինչ որ առանցքային նշանակութիւն ունի թէ՛ Արցախի համայնքներու արդիւնաւէտ կենսագործունէութեան, եւ թէ միջազգային գործընթացներուն մէջ հանրապետութեան ներգրաւուածութեան առումով:
Այս պարունակին մէջ կողմերը միտքեր փոխանակեցին Արցախի քաղաքներէն մէկուն եւ Սթրովոլոս քաղաքին միջեւ մարդասիրական տարբեր ոլորտներու մէջ փոխշահաւէտ համագործակցութեան հաստատման կարելիութիւններուն եւ հեռանկարներուն շուրջ:
Պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանի հետ եւ այցելեց Halo Trust միջազգային ականազերծման կազմակերպութեան կեդրոնը:
26 Սեպտեմբերին, Ստեփանակերտի քաղաքապետ Սուրէն Գրիգորեան եւս ընդունեց Կիպրոսի Սթրովոլոս քաղաքը ներկայացնող պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց մշակութային եւ կրթական ոլորտներուն մէջ ապագայ համագործակցութեան հարցը: