ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 29 Հոկտեմբերին մասնակցեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նիստերու դահլիճին մէջ կայացած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի քննարկման եւ ընդունման:
Քուէարկութենէն ետք նախարար Մայիլեան հանդիպում ունեցաւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Ֆրենք Փալոնի ու Աննա Էշուի հետ եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերող հետեւողական ջանքերուն եւ պատմական որոշում տալու առումով անոնց առանցքային ներդրման համար:
«Ներկայ եմ գտնուել ԱՄՆ Ներկայացուցիչների պալատի նիստերի դահլիճում Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչող HR 296 բանաձեւի քննարկմանը եւ պատմական որոշման ընդունմանը: Հայութեան համար բանաձեւի ընդունումն ունի ոչ միայն բարոյական, այլեւ կիրառական նշանակութիւն. այն կը նպաստի մեր տարածաշրջանում խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովմանը», յայտնեց Մայիլեան: