Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ գումարուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութիւնը՝ իր Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներով, ջերմօրէն ողջունեց Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին որդեգրումը:
30 Հոկտեմբեր թուակիր հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի. «Արդարեւ, սա վճռական քայլ մըն է եւ յատկանշական իրագործում մը՝ հայ ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներուն հետապնդման ճանապարհին վրայ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Հայ Դատի պայքարի յառաջապահ դիրքերուն վրայ եղած է միշտ՝ զօրակից մեր ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման աշխատանքներուն: Այս առիթով, մեր բարձր գնահատանքը կը յայտնենք Հայ Դատի մարմիններուն, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան, որ իր այս քայլով գործնապէս արտայայտեց իր նախանձախնդրութիւնը մարդկային իրաւունքներուն նկատմամբ»: