ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ, 30 Հոկտեմբերին, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի նախագահութեամբ ընթացող Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովին, անդրադարձ կատարուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող բանաձեւի ընդունման։
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը, ողջունելով բանաձեւի ընդունումը, զայն դիտարկեց իբրեւ կարեւոր քայլ՝ հայ ժողովուրդին նկատմամբ պատմական արդարութիւնը վերականգնելու եւ Ցեղասպանութեան մեր Սուրբ նահատակներուն խնկելի յիշատակը յարգելու առումով։
Այս գծով Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամները նաեւ իրենց գնահատանքը արտայայտեցին այն բոլոր կազմակերպութիւններուն ու անհատներուն, որոնց անխոնջ ջանքերուն շնորհիւ կարելի դարձաւ Հայոց Մեծ Եղեռնի միջազգային ճանաչման ու դատապարտման խնդիրին մէջ հասնիլ այս կարեւոր փուլին։
Արտայայտելով Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ եւ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի երախտագիտական զգացումները՝ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը յոյս յայտնեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները եւ բարեսէր ժողովուրդը նոյն արդարամտութեամբ կը շարունակեն ջանքեր ներդնել՝ յանուն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ աշխարհի մէջ նման ոճրագործութիւններու կանխարգելման: