ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միջազգային շարք մը լրատուամիջոցներ իրենց գլխաւոր լուրերուն մէջ տուած են Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին ընդունման լուրը:
«Տասնամեակներու ընթացքին առաջին անգամն է, որ Ներկայացուցիչներու տունը նման միջոցներու կը ձեռնարկէ: Նախապէս նման փորձեր կը սահմանափակուէին այն մտավախութիւններով, որ անոնք կրնան վնասել Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները», կը գրէ «Պի.Պի.Սի.»ն, ապա մէջբերում մը կը կատարէ բանաձեւի համահեղինակ Էտըմ Շիֆէն, որ ըսած էր. «Մենք պիտի չլռենք, մենք պիտի չմոռնանք»:
Ըստ «Ուաշիկթըն Փոսթ»ին՝ առաւել քան 100 տարի պէտք եղաւ, որ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան մէջ մեծամասնութիւնը ճանչնայ եւ հաստատէ, որ նման ոճրագործութիւն տեղի ունեցած է՝ աւելցնելով, որ Թուրքիա կորսնցուցած է Ներկայացուցիչներու տան զօրակցութիւնը՝ յիշելով, որ Երեքշաբթի օր Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ եւս սահմանուեցան այլ բանաձեւով մը։
«Ռոյթըրզ»ը խորհրդանշական, սակայն միաժամանակ պատմական անուանեց քուէարկութիւնը: «Տասնամեակներ շարունակ Քոնկրեսին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման նախաձեռնութիւնները կանգ կ՛առնէին Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու վատթարացման մտավախութեամբ եւ Անգարայի կառավարութեան կողմէ ազդու լոպիինկով», կը գրէ գործակալութիւնը:
«Ներկայացուցիչներու տունը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ սատարելով նաեւ Թուրքիոյ նկատմամբ պատժամիջոցներուն», գրեց «Եուրոնիուզ»ը՝ նշելով, որ խորհրդանշական, բայց պատմական քուէարկութիւնը հաւանաբար պիտի յանգեցնէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութեանց լարուածութեան: «Վերջին 35 տարիներուն ընթացքին առաջին անգամ կատարուեցաւ նման քուէարկութիւն մը, որ ընդգծեց Քոնկրեսին հիասթափութիւնը Թուրքիոյ կառավարութեան նկատմամբ, վայելելով թ՛է դեմոկրատներու եւ թէ հանրապետականներու աջակցութիւնը», կ՛ըսուի լուրին մէջ:
«Ռիա Նովոսթի»ն յիշեցուց, որ 1981ին, նախագահ Ռանըլտ Ռեկըն գործածած էր Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրը, սակայն անոր յաջորդող նախագահները խուսափած են անկէ, աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու 50 նահանգներէն 49ը պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Իր լուրին մէջ, «Կարտիըն»ը կ՛անդրադառնայ Թուրքիոյ ժխտողականութեան՝ գրելով. «Թուրքիոյ կառավարութիւնը երկար ժամանակ հերքած է սպանդը բնութագրող «ցեղասպանութիւն» եզրը եւ լոպիական արշաւ իրականացուցած է Ամերիկայի եւ ամբողջ աշխարհի տարածքին՝ խոչընդոտելու անոր օգտագործումը»։