ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստանի քննչական կոմիտէի Շիրակի մարզային քննչական վարչութեան մէջ աւարտեցաւ Անի համայնքի ղեկավարին եւ աշխատակիցներուն կողմէ կատարուած չարաշահումներու դէպքին առթիւ յարուցուած քրէական գործի նախաքննութիւնը, որուն լոյսին տակ երեք հոգի մեղադրուեցաւ։
Տուեալներուն համաձայն՝ Անի համայնքի ղեկավարը՝ իր դիրքը օգտագործելով, աշխատակազմի, համայնքային հիմնարկներու, առեւտրական եւ ոչ առեւտրական կազմակերպութիւններու միջոցով տուած է որոշումներ, կատարած դասաւորումներ, կազմած արձանագրութիւններ, ստորագրած ֆինանսական փաստաթուղթեր, ուր յստակ կերպով կ՛երեւին չարաշահումներ եւ իրեն վստահուած համայնքի պիւտճէի յափշտակութիւն ու կեղծիք։ Իբրեւ խափանման միջոց ընտրուած է ստորագրութիւն՝ չհեռանալու մասին: