ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- 31 Հոկտեմբերի կառավարութեան նիստին գիշերօթիկներու եւ մանկատուներու երեխաներուն այլընտրանքային խնամքի ծառայութիւն տրամադրելու հարցի քննարկման ընթացքին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց, որ պէտք է բացառել ընտանիքին մէջ բռնութիւնը եւ թոյլ չտալ յետադիմական ուժերուն՝ տգիտութիւն քարոզելու։
Այդ նիստին որոշուեցաւ մինչեւ 15 Յունուար 2020 Հայաստանի մարզերուն եւ Երեւանի մէջ իրականացնել կեանքի դժուար իրավիճակի մէջ յայտնուած երեխաներու այլընտրանքային խնամք տրամադրող ծառայութիւններ: «Լեգիտիմ (օրինական-Խմբ.) մտահոգութիւն կայ, որ ոչ բոլոր շահառու ընտանիքներն են ի վիճակի երեխաներին ընդունել եւ, մեր նոր քաղաքականութեան շրջանակում, պայմաններ ապահովել: Սրա համար է, որ մենք ասում ենք՝ ընտանիքում բռնութեան կանխարգելման եւ քննութեան ինստիտուտը պէտք է շատ լուրջ աշխատի եւ զարգանայ Հայաստանում», շեշտեց վարչապետը՝ նշելով, որ նախ պէտք է համագործակցիլ այս ընտանքիներուն հետ, որ համապատասխանեն հարկ եղած չափանիշներուն:
Վարչապետը նաեւ շեշտեց, որ պէտք է բացառել այն մօտեցումը, որուն համաձայն՝ «Իմ ընտանիքի անդամն է՝ ուզում եմ ծեծում եմ, չեմ ուզում՝ չեմ ծեծում»: «Ասում ենք՝ այդ ընտանիքի անդամը ՀՀ քաղաքացի է եւ որեւէ մէկն իրաւունք չունի բռնանալ ՀՀ քաղաքացու իրաւունքների վրայ: Թոյլ չենք տայ, որ կոռուպցիոն (զեղծարար-Խմբ.) համակարգի մնացորդները Հայաստանը պահեն յետադիմութեան եւ տգիտութեան մէջ, մտցնեն տգիտութեան փակուղի», դիտել տուաւ Փաշինեան:
Վարչապետը նաեւ նշեց, որ այս բոլորը բաւարար երաշխիք չեն, որ փոփոխութիւնները հսկայական արդիւնք տան: «Չկայ երաշխիք, բայց ինչպէս ասում են վատթարագոյն փոփոխութիւնն աւելի լաւ է, քան անյուսալի ներկան: Սա արձանագրում է, որ մենք յուսահատութեան հետ չենք համակերպուելու, այդ երեխաները Հայաստանի քաղաքացիներ են, եւ երկիրը պէտք է ամէն ինչ անի նրանց հետագայ կեանքին պատրաստելու համար, ընդ որում՝ դա պէտք է լինի ոչ թէ «եոլա գնացողի», «ձեռք պարզածի», մուրացիկի կեանք, այլ՝ արժանապատիւ աշխատանքով սեփական բարեկեցութիւնն ապահովող քաղաքացու կեանք», եզրափակեց վարչապետ Փաշինեան: