ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան Պետական եկամուտներու կոմիտէն հրապարակեց 1000 մեծ հարկատուներու ցանկը՝ 2019ի Յունուար-Սեպտեմբերի դրութեամբ:
1000 մեծ հարկատուներու ցանկը կը գլխաւորէ «Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային կոմբինատ»ը, որուն վճարած հարկերը կազմած են 40 միլիառ 594 միլիոն 254 հազար դրամ: Երկրորդ դիրքին վրայ է «Գրանդ տոբակօ» ընկերութիւնը, որ հաշուետու ժամանակաշրջանին վճարած է 40 միլիառ 277 միլիոն 32 հազար դրամի տուրք: Մեծ հարկատուներու ցանկի երրորդ հորիզոնականին վրայ է «Գազպրոմ Արմենիա» ընկերութիւնը՝ 33 միլիառ 623 միլիոն 700 հազար դրամ տուրքով:
Չորրորդ դիրքը կը գրաւէ «Ինտերնէյշնլ Մասիս տաբակ» ընկերութիւնը՝ 13 միլիառ 362 միլիոն 59 հազար դրամ հարկային վճարումներով: Հինգերորդ է «Գէոպրոմայնինգ գոլդ» ընկերութիւնը, որ Յունուար-Սեպտեմբերին վճարած է 12 միլիառ 523 միլիոն 893 հազար դրամի հարկ: Վեցերորդ հորիզոնականի վրայ է «Ֆլեշ» ընկերութիւնը՝ 10 միլիառ 750 միլիոն 288 հազար դրամ հարկային վճարումներով:
Եօթներորդ դիրքը կը գրաւէ «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր»ը՝ 10 միլիառ 537 միլիոն 670 հազար դրամ հարկային վճարումներով, ութերորդ՝ «Ֆիլիպ Մորիս Արմենիա» ընկերութիւնը՝ 9 միլիառ 701 միլիոն 380 հազար դրամի հարկով, իններորդ հորիզոնականին վրայ է «Ջէյ.Թի.Այ. Արմենիա» ընկերութիւնը՝ 9 միլիառ 263 միլիոն 736 հազար դրամ հարկային վճարումներով: Տասնեակը կ՛եզրափակէ «Սիփիէս Օիլ» ընկերութիւնը, որ ընթացիկ տարուան Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներուն պետական պիւտճէին վճարած է 9 միլիառ 103 միլիոն 801 հազար դրամի տուրք: