ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթիէրեշ Փարիզի մէջ ունեցած ելոյթի մը ընթացքին խօսեցաւ լուծման կարօտ միջազգային հարցերու մասին, որոնց կարգին ան յիշեց փոքրամասնութիւններու եւ գաղթականներու վերաբերող տագնապները։ Ան դիտել տուաւ, որ աշխարհի տարածքին փոքրամասնութիւնները հետզհետէ աւելի ծանր խտրականութեան կ՛ենթարկուին, անոնց դէմ ատելութիւն արտայայտող յայտարարութիւնները կը բազմանան եւ միջազգային բաւարար զօրակցութիւն ցոյց չի տրուիր գաղթականներուն։
Ըստ Կիւթիէրեզի՝ աշխարհի ղեկավարները տիրող անհաւասարութիւնները հարթելու լուծումներ չեն կրցած ստեղծել, եւ այս պատճառով ցնցուած է քաղաքական մարմիններու նկատմամբ ժողովուրդներու վստահութիւնը։
«Պէտք է կեդրոնանանք այս երեւոյթներուն պատճառներուն վրայ եւ աւելի լուրջ պայքար պէտք է տանինք ցեղապաշտութեան եւ նեղմտութիւններու դէմ», ըսաւ ան։
Ան անդրադարձաւ նաեւ կլիմայի փոփոխութեան հետեւանքներուն եւ ըսաւ, որ այս հարցին վերաբերեալ առնուելիք միջոցառումներուն մէջ շատ կարեւոր է ՄԱԿի կողմէ կազմակերպուած համագումարը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ ամիս, Մատրիտի մէջ։