ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան Պինկէլօլէն (Ճապաղջուր) ընտրուած պատգամաւոր Էրտար Այտեմիր խորհրդարնին մէջ իրարանցում ստեղեց, երբ զազայերէնով ելոյթ մը ունեցաւ:
Արդարեւ, այդ քայլը զայրացուց իշխող Արդարութիւն, բարգաւաճում եւ անոր դաշնակից ազգայնամոլներու Ազգայնական շարժում եւ ազգայնական «Լաւ» կուսակցութիւններու երեսփոխանները, որոնց մէկ մասը իբրեւ բողոք՝ լքեց խորհրդարանին դահլիճը:
Թուրքիոյ խորհրդարանի փոխնախագահ Լեւենթ Կէօք, որ անդամ է գլխաւոր ընդդիմադիր քեմալական կուսակցութեան, յիշեցուց Այտեմիրին, որ Թուրքիոյ պետական լեզուն թրքերէնն է, որուն իբրեւ պատասխան՝ քրտամէտ կուսակցութենէն այլ պատգամաւոր մը՝ Սարուհան Օլուճ, ըսաւ, որ Թուրքիոյ մէջ տարբեր ազգեր կ՛ապրին եւ ոչ ոք իրաւունք ունի անոնց արգիլելու, որ խօսին իրենց մայրենիով: