
ԼՕՈՒԸԼ, Մեսեչուսեց, «Հայրենիք».- Շաբաթ, Նոյեմբեր 9ին, Umass համալսարանի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպած մեծարանքի 13րդ հանդիսութիւնը: Հանդիսավարն էր Հետըր Գրաֆեան, որ բեմ հրաւիրեց այս տարուան Լէօ Սարգիսեանի անուան վարժողական ծրագիրին հետեւած Մարի Գալստեանը՝ երգելու Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի օրհներգները: «Ազատութիւն» շքանշանով պարգեւատրուեցան քոնկրեսական Ճիմ ՄըքԿավըրն եւ թուրք այլախոհ Թաներ Աքչամ:
Քոնկրեսական Լորի Թահան ներկայացուց ՄըքԿավըրնը, որ հազիւ շաբաթ մը առաջ, թիւ 296 բանաձեւին գիծով հետեւողական աշխատանք տարած էր: Օրէնքներու յանձնախումբի ատենապետ Ճիմ ՄըքԿավըրն նիստը բացած էր տպաւորիչ ելոյթով մը։ Ան նման տպաւորիչ ելոյթ մը ունեցաւ մեծարանքի օրը, շարունակ շեշտելով, թէ պէտք է անպայմանօրէն կասեցուին ցեղասպանութիւնները: «Եթէ չպատժենք յանցաւորը, պիտի շարունակուին ցեղասպանութիւնները», ըսաւ ՄըքԿավըրն եւ նշեց, թէ այս բանաձեւին ընդունումը արդիւնքն է տասնամեակներու հետեւողական պայքարին, որ կը կատարէ Հայ Դատի յանձնախումբը, իր զանազան մասնաճիւղերով:

«Դասեր քաղենք մարդկութեան նկատմամբ կատարուած այլ յանցագործութիւններու ճանաչման եւ հատուցման օրինակներէն: Պէտք է բացառել, որ ժամանակակից զարգացումները խափանեն յանցանքի ճանաչման հոլովոյթը: Քանի տակաւին Ցեղասպանութիւնը կը ժխտուի, անիկա կը շարունակուի», եզրակացուց ՄըքԿավըրն:
«Ազատութիւն» շքանշանով պարգեւատրուող երկրորդ անձնաւորութիւնն էր թիւրք այլախոհ Թաներ Աքչամ:
Փրոֆ. Հենրի Թերիօ ներկայացուց «Քլարք» համալսարանի Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան ամպիոնի վարիչ Աքչամը, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ Անգարա ժխտողական քաղաքականութեամբ կը շարունակէ մերժել իսկական փաստերը եւ խեղաթիւրել իրականութիւնը՝ անհիմն եւ անհեթեթ սուտեր հնարելով: Ան անդրադարձաւ թուրք մտաւորականութեան մօտ տիրող թեր ու դէմ կեցուածքներուն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան գծով: Ան շեշտեց, թէ ի վերջոյ օրը պիտի գայ եւ երեւան պիտի ելլէ իրականութիւնը, պատմաբաններու արդար եւ ճիշդ ուսումնասիրութեամբ: Ան նշեց, թէ Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու վնասուց հատուցման տրամադրումը կարեւոր է նաեւ Թուրքիոյ համար, քանի որ առանց անոր, անկարելի պիտի ըլլայ երկիրը հասցնել լիակատար ժողովրդավարութեան:
Նաեւ, «Վահան Քարտաշեան» շքանշան ստացան Լօուըլի շրջանի Ճգնաւորեան եղբայրները՝ Արամ, Արմէն եւ Արա, որոնք անաչառօրէն գործած են յաչս Հայ Դատին: Պատշաճ կերպով իրենց կենսագրականը ներկայացուց շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի գործօն անդամներէն Միւրէլ Հարոյեան: Բեմ բարձրանալով, Ճգնաւորեանները յուշեր պատմեցին եւ յայտնեցին իրենց գոհունակութիւնը այս օրուան առթիւ եւ նուիրումը՝ Հայ Դատին:
Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Սթիւ Մեսրոպեան խօսք առնելով յայտնեց, թէ թիւ 296 բանաձեւի յաղթանակով, Հայ Դատը պիտի շարունակէ գործել յաւելեալ կորովով: Ան կարեւորեց այս աշխատանքը, նշելով, թէ Հայ Դատի պահանջատիրութեամբ պայքարի ընթացքը զգալի յառաջխաղացք արձանագրած է:
«Այս եւ նմանօրինակ յաղթանակներու պատիւը յատկապէս կը պատկանի երիտասարդութեան, որ վարժողական յատուկ ծրագիրներու կը հետեւի եւ ըստ այնմ կը գործէ: «Այս գիծով կարիքն ունինք օժանդակութեան, որպէսզի նմանօրինակ վարժողական ծրագիրներ աւելի հետեւողական կերպով կատարենք եւ կազմակերպենք», ըսաւ Մեսրոպեան:

Լէօ Սարգիսեանի անուան վարժողական ծրագիրին անունով խօսք առաւ Սիփան Օհաննէսեան, մանրամասնութիւններ փոխանցելով: Այս առթիւ, յատուկ յուշանուէրներ ստացան այս տարեշրջանի վարժողական ծրագիրին մասնակցողները՝ Ռուբինա Պոզոյեան, Նայիրի Տիրացունեան, Մարի Գալստեան եւ Տարօն Պողարեան, ինչպէս նաեւ Մարալ Մելքոնեանի անուան վարժողական ծրագիրին մասնակցող Լուսին Պոտուրեան:
Ապա ելոյթ ունեցաւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան, շեշտելով. «Ցեղասպանութեան ժխտումը սպառնալիք է Հայաստանին: Հայերը՝ մեր հայրենիքին եւ ամբողջ աշխարհին մէջ, պատասխանատուութիւնը ունին պայքարելու Թուրքիոյ ժխտողականութեան դէմ՝ հաստատելով Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւնը եւ թոյլ չտալով Անգարային խոչընդոտելու արդարադատութեան հասնելու մեր ջանքերը։ Հայ Դատի պահաջատիրութեան պայքարը արդէն կը թակէ Ծերակոյտի դռները, ուր նմանօրինակ բանաձեւ մը պիտի վաւերացուի: Այս գիծով, դեռ գործ ունինք կատարելիք, թիւ 296 բանաձեւը հասցնելու մինչեւ Սպիտակ տուն, քաջատեղեակ ըլլալով, որ Ցեղասպանութիւնը անպատիժ ձգելու Անգարայի ստեղծած նախադէպը սպառնալիք է ոչ թէ միայն հայութեան, այլ բոլոր ազգերուն»: Ան աւելցուց, թէ հատուցումն ու ճանաչումը իրարու կապուած են, իսկ հատուցման համար անհրաժեշտ է Ցեղասպանութեան յանցանքի ճանաչումը:
Հուսկ, հանդիսավար Գրաֆեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ յատկապէս անոնց, որոնք նիւթապէս օժանդակեցին եւ դեռ ալ պիտի օժանդակեն, սատար հանդիսանալով Հայ Դատի սուրբ գործին: