ՔԻՆԿՍԹԸՆ, Օնթարիօ.- Կիրակի, Նոյեմբեր 17ին, գումարուեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային յանձնախումբի 2019-21 երկամեակի առաջին լիագումար նիստը, մասնակցութեամբ յանձնախումբի անդամներուն եւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչին:
Ժողովը մանրամասնօրէն քննեց յանձնախումբի նախորդ միամեայ գործունէութիւնը եւ մշակեց ներկայ տարեշրջանի օրակարգն ու ծրագիրները՝ համաձայն ՀՅԴ Գանատայի 48րդ Շրջանային ժողովի որոշումներուն:
Ժողովը քննարկեց եւ արժեւորեց վերջերս տեղի ունեցած Գանատայի խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները, ուր յանձնախումբի զորակցած թեկնածուներուն 84 տոկոսը յաղթանակ ապահովեցին: Ժողովը նաեւ մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Գանատա-Հայաստան յարաբերութիւններու զարգացման, Արցախի հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման, Ջաւախքի օժանդակութեան, Ցեղասպանութեան ուսուցման եւ յիշատակման, Հայ Դատի քարոզչական ցանցի ընդլայնման եւ այլ իրականացման ծրագիրներու:
Գանատա-Հայաստան յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ, ժողովը յատուկ անդրադարձ կատարեց անցող երկամեակի ընթացքին տեղի ունեցած որակական յառաջխաղացքին ու անոր հիման վրայ բանաձեւեց յառաջիկայ շրջանի իր նպատակասլաց ծրագիրը: Քաղաքական ընթացիկ աշխատանքներու կողքին, յատկապէս շեշտուեցաւ տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային յարաբերութիւններու խթանման անհրաժեշտութիւնը: Երեւանի մէջ Գանատայի դեսպանատան մը հաստաման ուղղութեամբ տարուող ջանքերու կապակցութեամբ, յանձնախումբը որդեգրեց նոր ռազմավարութիւն, որ յաւելեալ թափ կը հաղորդէ այս կարեւոր աշխատանքին:
Արցախի հիմնահարցը դասելով որպէս կարեւորագոյն աշխատանքային դաշտ, ժողովը յատուկ քննարկման ենթարկեց այս ուղղութեամբ տարուելիք աշխատանքները, որոնց մաս կը կազմէ Գանատայի խորհրդարանէն ներս վերջերս հաստատուած Արցախի բարեկամական խումբի ընդլայնումը, Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Գանատայի ԵԱՀԿ պատուիրակութեան հետ տարուող ընթացիկ խորհդակցութիւնները, ներքին եւ արտաքին քարոզչութեան զարկ տալու անհրաժեշտութիւնը։
Ցեղասպանութեան յիշատակման եւ ուսուցման գծով, ժողովը գնահատեց յանձնախումբի աշխատանքները եւ որոշեց յաւելեալ զարկ տալ այս ուղղութեամբ օտար համայնքներու եւ Գանատայի կառավարութեան հետ համագործակցութեան: Նաեւ, ծրագրաւորման նախնական քննարկումներ տեղի ունեցան Ցեղասպանութեան 105րդ եւ Սեւրի դաշնագիրի ստորագրութեան 100րդ ամեակներուն ոգեկոչման կապակցութեամբ:
Յանձնախումբը արժեւորեց քարոզչական իր գործունէութիւնը եւ քննարկեց զանոնք ընդլայնելու կարելիութիւնները, տեղեկատուական եւ քարոզչական յարափոփոխ ընթացքին հետ քայլ պահելով։ Յանձնախումբը նաեւ որոշեց հետեւողական կերպով շարունակել Հայ Դատի նոր գործիչներ պատրաստելու աշխատանքը եւ ընկերային ցանցերու ընդլայնման ծրագիրները: