ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոյս տեսած է «Աստղիկը Կ՛ուզէ Արագ Մեծնալ» խորագրուած արեւմտահայերէն մանկական վիպակը, հեղինակութեամբ՝ Քարեն Չթճեան Բրեսդիի, որ երաժշտութեան եւ լեզուի դասախօս է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին (UCLA) մէջ։
Նշենք, որ ան նաեւ հեղինակն է «Առաջին Երգարանս» («My First Armenian Songbook») երկլեզու (հայերէն եւ անգլերէն) գիրքին ու ձայնապնակին:
Դոկտ. Բրեսդի, որ երրորդ սերունդի բազմալեզու ամերիկահայ է, յամառօրէն կը պայքարի, որպէսզի երաշխարւորէ, որ նոր սերունդը հայերէն սորվի:
«Ճիշդ չէ՛ հայերէն սորվելու պատասխանատուութիւնը բեռցնել մեր հայկական վարժարաններուն եւ երեխաներուն վրայ: Պէտք է ճիգ թափել հայերէն մանկական գրականութիւնը ճոխացնելու եւ հաճելի դարձնելու նոր սերունդին համար: Անհամար հայերէն գիրքեր կան սկզբնական տարիներուն համար, բայց մեծ բաց մը՝ մեր վեցէն տասներկու տարեկան դպրոցականներուն յարմար գիրքերու պարագային: Ինչպէ՞ս կրնայ յաջորդող սերունդը կարդալ եւ գնահատել մեր գեղեցիկ լեզուն, եթէ գոյութիւն չունին իրենց տարիքին համապատասխանող վիպակներ, որոնք կը շօշափեն զիրենք հետաքրքրող եւ մտահոգող հարցեր։ Եւ բոլոր անոնց համար, որոնք լաւ կը հասկնան հայերէն բայց չեն սորված կարդալ, կը զգանք անհրաժեշտութիւնը խօսուն գիրքին», կ՛ըսէ հեղինակը։
Գիրքին կ՛ընկերանայ խօսուն-գիրքի համացանցային կապը:
Հատորին գծագրութիւնները կատարած է Ալիսթըր Սատլըրը, իսկ խմբագրողն է Սարգիս Մահսերէճեան:
75 էջնոց, նկարազարդուած եւ 17 չափի տառատեսակով գրուած հատորը 15 տոլար կ՛արժէ եւ տրամադրելի է «Սարդարապատ», «Ապրիլ» եւ NAASR-ի գրախանութներէն, ինչպէս նաեւ՝ «Ամազոն» կայքէն:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ դիմել
natabellarecords@gmail.com կամ karennpresti.com հասցէներուն։