
ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Միացեալ երիտասարդ հայեր կազմակերպութիւնը, ինչպէս նաեւ Պըրպենքի «Գէորգեան» պարային դպրոցի սաները 1 Դեկտեմբերին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հոլիվուտի հռչակաւոր Ծննդեան փառատօնին, որ այս տարի նշեց իր հիմնադրութեան 88րդ տարեդարձը։
Նշեալներուն մասնակցութեան նպատակն է հայութիւնը եւ Հայաստանը լաւապէս ծանօթացնել ամերիկացիներուն եւ մղել անոնց, որ Հայաստան այցելեն։ Անցեալ տարի, նոյն փառատօնին անոնք կրած էին նաեւ Արցախ այցելելու կոչ ընող պաստառ մը։
Այս տարի, «Գէորգեան» պարախումբը ներկայացուց «Շուշի» պարը։
Յիշեցնենք, որ անցեալ տարի CW պատկերասփիւռի կայանը անտեսեց «Գէորգեան» պարախումբին ելոյթը չցուցադրելու Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կառավարութիւններուն պահանջները, որոնք կատարուած էին պարզապէս անոր համար, որ ելոյթին ընթացքին Արցախի դրօշակներ եւս ծածանած էին:
Նշենք, որ նոյն կայանը (Լոս Անճելըսի մէջ՝ թիւ 5) փառատօնին տեսանիւթը պիտի սփռէ Ուրբաթ, 13 Դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 8ին:
