ԳԻՒՄՐԻ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Շիրակի մարզպետ Տիգրան Պետրոսեան մարզպետական խորհուրդի տարեվերջի նիստին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ՝ հայրենի հողին անմնացորդ նուիրումին եւ երկարամեայ անխոնջ աշխատանքին համար, Շիրակի մարզի Նորշէն (նախկին՝ Խարկով, Անիի ամէնէն մօտիկը գտնուող շրջան) գիւղի բնակչուհի Վահանդուխտ Մխիթարի Մելքոնեանին յանձնեց շնորհակալագիր եւ 500 հազար դրամի պարգեւ:
Շնորհակալութիւն յայտնելով՝ Վահանդուխտ տատիկը խնդրեց բարեկարգել դէպի գիւղ տանող ճամբան՝ նկատի ունենալով անոր կարեւորութիւնը: Պարգեւը ստանալու պահուն տատիկը յուզուեցաւ եւ նշեց, որ առաջին անգամն ըլլալով այդպիսի ուշադրութեան կ՛արժանանայ:
Վահանդուխտ Մելքոնեան սահմանային Նորշէն շրջանին մէջ կ՛ապրի առաւել քան 60 տարիէ ի վեր։ Վերջին տարիներուն ան Նորշէնի միակ բնակիչն է, սակայն ինքզինք առանձին չի զգար։ Հակառակ անոր որ արդէն 83 տարեկան է, տակաւին կը զբաղի հողագործութեամբ եւ մեղուաբուծութեամբ:
«Գիւղը միանգամից չի դատարկուել, այլ քայլ առ քայլ: Սկզբում էր դժուար, հիմա արդէն սովորական է դարձել: Զբաղւում եմ մեղուաբուծութեամբ ու հողագործութեամբ, հիւրերի պակաս էլ չունեմ», ըսաւ տատիկը՝ վստահեցնելով, որ ինքնիրեն շատ լաւ պաշտպանուած կը զգայ, արդարեւ, գիւղը ռուս եւ հայ սահմանապահներու հսկողութեան տակ է:
Նորշէնը, շատ մօտ գտնուելով Անիին՝ հրաշալի դիտակէտ է. անիկա Հայաստանէն կը բաժնուի Ախուրեան գետով: Սահմանային այս գիւղը մտնելու համար պէտք է յատուկ թոյլտուութիւն ստանալ սահմանապահ ջոկատէն, իսկ զայն ստանալը երկարատեւ գործընթաց է: Լքուած գիւղի միակ պահապանը Վահանդուխտ տատիկն է:
Մարզպետ Տիգրան Պետրոսեան իր խօսքին մէջ տեղեկացուց, որ ունի շատ կարեւոր առաքելութիւն՝ յայտարարելու, որպէսզի յաջորդ տարուընէ սկսեալ մարդիկ ազատօրէն կարենան երթալ եւ տեսնել Անին: Պիտի կատարուի սահմանային դրութեան փոփոխութիւն։ Այս մէկը իրականացած է Հայաստանի վարչապետին, տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարին, Շիրակի մարզպետարանին եւ պատասխանատու կառոյցներուն կողմէ կատարուած միացեալ աշխատանքով։ Այդպիսով կարելի է հայ-թրքական սահմանամերձ Նորշէն համայնքը մտնել դիւրութեամբ եւ ազատութեամբ։