ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
– 300 մեթր է բարձրութիւնը: Բայց դուն չես վախնար, այդպէս չէ՞:
– Ո՛չ,- կ՛ըսէ մեր աշակերտուհին, Նանէն: Ան որոշած է անթարթ դիտել շուրջը եւ անընդհատ լուսանկարել հայրենի բնաշխարհի շնորհած գեղեցկութիւնները:
Կը փակուին «Տաթեւեր» ճոպանուղիի ապակի դուռերը եւ կառքը իր երեսուն ուղեւորներով կը սկսի Որոտան գետի կիրճին վրայ սահիլ, ուղեւորութիւն մը, որ պիտի տեւէ տասներկու վայրկեան: Մեր առջեւ կը յայտնուի հիասքանչ համայնապատկեր մը: Այդ գեղատեսիլ ուղեւորութիւնը Հալիձորէն դէպի Տաթեւի վանք, պատճառ կ՛ըլլայ նաեւ, որ զրուցենք «ուղի»ներու մասին:
– Հակառակ իր պարզ տեսքին եւ կազմին, Նանէ՛, շատ ճամբայ կտրած բառ է «ուղի»ն: Սիրած է ունենալ ուղեկիցներ, այսինքն յետադաս եւ նախադաս մասնիկներ:
– Բնական է, պարոն, ո՞վ կը սիրէ առանձին ճամբորդել:
– Այդ տեսակ բառերու օրինակները շատ են. ուղեւոր, ուղեգնաց, ուղեկցիլ, ուղեգիծ, ուղեգիրք, ուղետոմս, ուղեգրութիւն, ուղեցոյց…
– Եթէ չկարենանք վանքը գտնել, ուղեկորո՞յս պիտի դառնանք…
– Մի՛ մտահոգուիր: Պատկերալից են նաեւ նախադաս մասնիկներով շինուած բառերը, ինչպէս՝ մայրաքաղաքի «ծառուղիները», Հիւսիս-Հարաւ «մայրուղին», Երեւանի բերդի «գաղտնուղիները», բնակարաններու «կոյուղիները», Սայաթ-Նովա «փակուղին», Թիֆլիսեան «խճուղին», Արփա-Սեւան «փապուղին»…
– Ես լսած եմ, թէ երիտասարդներու ամենասիրածն է «Սիրահարներու Այգի», «ճեմուղիները»:
– Կասկած չունիմ: Օգտակար են նաեւ կպրուղին, նրբուղին, ներքնուղին, ջրուղին եւ քարուղին:
Հալիձորի գիւղը, որ թառած է Որոտանի կիրճի կատարին, դանդաղօրէն կը հեռանայ, կը փոքրանայ: Դիտողը այժմ կ՛առանձնանայ յաճախ ուղղահայեաց՝ անտառապատ լանջերու, թաւալող ջուրերու, ջրվէժներու, ոլորապտոյտ արահետներու եւ քարքարոտ զառիվեր բլուրներու՝ վայրի, բայց զմայլելի տեսարանով:
– «Ուղի» բառը երբ հայրենի լեզուաշխարհին վրայ իր առաջին քայլերը կ՛առնէր, այսքան ճիւղաւորուած չէր: Ան ունէր նախա-հնդեւրոպական համեստ արմատ մը «ուղ», որ պահպանուած է հին հայերէնի մէջ: Այդ արմատէն ծագած է յունարէն «աւլոս» բառը, որ կը նշանակէ «խողովակ, անցք, ծակ»: Յոյներու «էնաւլոս» բառը «գետի անկողին» է, իսկ «աւլոն» բառը՝ «կիրճ, հովիտ, փոս, նեղուց»: «Աւլոս»ը նաեւ հին Յունաստանի սրինգն էր: Ունէր իր երկու տեսակը. միափող եւ երկփող: Նոյն արմատէն եկած են խեթերէն auli, լատիներէն alvus «խոռոչ, փոր», alveus «խոռոչ, փոս, գետի անկողին», ինչպէս նաեւ՝ չեխերէն ulice, հին սլաւոներէն ulica եւ ռուսերէն «ուլիցա» բառերը, որոնք կը նշանակեն փողոց, նրբանցք, մինչ՝ լիթուաներէն aulys, լեթթոներէն aulis եւ սլովաքերէն ulj բառերը կը նշանակեն «մեղուի փեթակ, սնամէջ ծառ, կոճղ»:
Այժմ կը տեսնենք Հարանց Անապատն եւ Սատանի Կամուրջը, մէկը՝ մարդու, իսկ միւսը՝ բնութեան կերտած երկու հրաշքները:
– Ուղին նախնապէս կ՛ընթանար հողին վրայ, ապա ձերբազատուեցաւ անկէ, սլացաւ երկաթի վրայ՝ թելէ մը կախուած, եւ վերջապէս, օդի մէջ՝ առկախ:
– Կռահեցի՜ առաջին երկու բառերը… «երկաթուղի» եւ «ճոպանուղի», իսկ երրո՞րդը, պարոն, անիկա ի՞նչ է:
– «Աւիաուղի»: Բառագիւտ մըն է, զոր կատարեր են հայրենիքի մէջ: Բարդ բառ մը, լատիներէն avis «թռչուն» եւ բնիկ հայկական «ուղի» բառերը զուգելով, «airlines» միջազգային բառի նմանութեամբ կազմուած, ինչպէս «Armavia» ընկերութիւնը, որ Հայաստանի ազգային օդանաւային ընկերութիւնն էր:
Աւելի նոր շրջաններուն, «ուղի»ն ստացաւ փոխաբերական իմաստներ, ինչպէս՝ գործունէութիւն, ընթացք, կեանք, «…Իմ ուղին միշտ մթին, մենաւոր / Կը գնամ իմ դժկամ ցաւի հետ»: Նանէ՛, Վահան Տէրեանի խօսքերն են անոնք: Այս բառին շնորհիւ բանաստեղծը գտեր է իր երազները եւ ցաւերը արտայայտելու, գրական պատկերներ յօրինելու իւրայատուկ, բայց միշտ թախծոտ ճամբան: Ահա՛ այսպէս. «Սեւ գիշերն է գրկել ինձ, մութն է պատել իմ ուղին», /«Ես չգիտեմ՝ ո՛ւր են տանում հեռաւոր ուղիների ժապաւէններն անհամար», / «Եւ իմ մոլոր ուղիներում, ո՛վ գիտէ, / Գուցէ մի օր դու երեւաս լուսերես», / «Ինձ կանչում են ուղիները բիւրաւոր», / «Ընդմիշտ օրհնեցի անհաստատ ուղին, / Ուր փարոսում ես դո՛ւ, քաղցր պատրանք…», / «Կը գտնեմ ուղին հեռաւոր քո տան / Եւ թոյլ ձեռներով դուռդ կը ծեծեմ», / «Աստղերի ուղին մշուշ ծովերում», / «Քո հեռու երկրի ուղին չգիտեմ», / «Եւ աշխարհի ուղիներում ես մոլոր / Թափառում եմ եւ որոնում տխրադէմ»…:
Չմոռնամ ըսելու, թէ ունեցած ենք նաեւ պատկերալից դարձուածքներ. «Արիւնոտ ուղի», զոհերով լեցուն, ծանր կեանք, «Կորագիծ ուղի», մարդու ո՛չ շիտակ վարքագիծ, ընթացք:
Հայկական գրատպութեան անդաստանին մէջ անոր ուղին բացեր է Աւետիս Ահարոնեանի մէկ գիրքը՝ «Իտալիայում. Ուղեւորի Թռուցիկ Տպաւորութիւններ»: Անոր հետեւած են ուրիշներ, «Ինչ Չէր Եւ Ինչ Չպիտի Լինի Մեր Ուղին», «Երիտասարդ Բանուորի Ուղին», «Ազատութեան Ուղին Եւ Հայի Քաղաքական Վարքագիծը» եւ «Խորհրդային Հայաստանի Ուղին»:
– Պարոն, «ուղի»ն որքա՞ն կրնայ երկարիլ:
– Լեզուաբանականօրէն՝ մինչեւ «Յուղարկաւորութիւն» 17 տառ: Յիշենք նաեւ այդ վերջինին պարագաները՝ «յուղարկ երթալ», «յուղարկաւոր», «ուղերկութիւն»: Նանէ՛, ամէն ուղեւորութիւն պիտի ունենայ իր վախճանը, ինչպէս այս մէկը: Ահա հասանք:
Կը բացուին Տաթեւերի դուռերը: Հետաքրքիր աչքեր իւրայատուկ ակնկալութիւններով՝ կ՛ուղղուին դէպի վանական համալիրը: Բակին մէջ կայ եռուզեռ: Զբօսաշրջիկներու խումբ մը մտեր է յուշանուէրներու կիսամութ խանութը, որ ունի մոմեր, բացիկներ, Նարեկներ եւ արծաթեայ խաչեր: Գաւիթի մենակեաց ծառը, քանի մը յոգնաբեկ հիւրերուն տրամադրած է իր շուքը եւ փայտէ նստարանը: Բարձրակրունկ կարմիր կօշիկ հագած երիտասարդուհի մը, տղու մը օգնութեամբ դէպի եկեղեցի կ՛աճապարէ:
– Պարոն, բացիկ մը պիտի գնեմ ու ես ինծի պիտի ուղարկեմ:
– Ուղի արկանել… Ի՜նչ գեղեցիկ արտայայտութիւն: «Ուղի» բառը բացիկներու կամ նամակներու հետ գաւառէ գաւառ շրջած՝ առած է ինքնուրոյն ձեւեր. Արցախցին ըսեր է «հղէ անել, կամ՝ ղարկել», երեւանցին՝ «հղու անել, ղարգել», ջուղացին՝ «աղարկել», սալմաստցին՝ «օղօրկել», ագուլիսցին՝ «ըղա՛րկիլ, ղա՛րկիլ», մշեցին՝ «օղըրգել, ըղըրգել», վանեցին՝ «էօրէօխկել», ախալցխացին՝ «ղրկել», սեբաստացին՝ «ղրգել», սվեդիացին՝ «ղրգիլ» խարբերդցին՝ «խրգիլ» ու վերջապէս ակնցին եւ պոլսեցին՝ «խրգել»:
Լուռ աղօթք, մոմավառութիւն, միաբերան երգեցողութիւն, մենակեաց ծառի նստարանը, բացիկ, արծաթեայ խաչ, բացիկ մը եւս, ապա՝ խմբանկար ու վերադարձ: Այսօր պատմութեան աւարտը ձեզի հաճելի դարձնելու համար, յարգելի ընթերցող, կ՛առաջարկեմ, մտաբերել Ռոպերթ Ամիրխանեանի հմայիչ մէկ մեղեդին: Միսաք Մեծարենցի բառերով հիւսուած է անիկա: Այդ երգին մէջ նուրբ «ուղի» մը դէպի սիրոյ եւ խաղաղութիւն կը փոխադրէ ամէն ունկնդիր.
«Կարմիր ծաղիկ մը գարունի»
«Առտու մը ինծի նուիրեցիր»
«Ու մետաքսէ ուղի մը զիս»
«Սէր-Ծաղիկին տարաւ ածուն»
«Հոն ժպտեցաւ կեանքը ինծի»: