ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Ամէն օր ականջալուր եւ կամ ականատես կը դառնանք հիւանդութիւններու, որոնք երբ մեր անմիջական շրջապատին մէջ են՝ խոր ցաւ կը պատճառեն, իսկ անոնք որոնք լրատուական ցանցերու միջոցաւ կամ այլապէս կ՛իմանանք, պահ մը կը տխրեցնեն մեզ եւ նոյնիսկ երբեմն մտահոգութեան պատճառ կը հանդիսանան մեզի համար: Մտահոգութիւն անոր համար, որ արդեօք մե՞նք ալ օր մը նոյն հիւանդութեան զոհ կը դառնանք, կամ արդեօք մեր հարազատներէն մէկը կամ միւսը հիւանդութեամբ պիտի տառապի՞ օր մը:
Հիւանդութեանց այսքան տարածում գտած ըլլալը երբեմն կը վերագրուի հաղորդակցութեան ներկայ արդիական միջոցներուն, որոնք աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը կայծակնային արագութեամբ կը հասցնեն տուեալ երկրին մէջ այս կամ այն հիւանդութեան յայտնուիլը: Մինչդեռ անցեալին շատե՜ր կը մահանային տարաբնոյթ հիւանդութիւններէ, սակայն ո՛չ ոք կ՛իմանար անոնց մահուան եւ կամ ատոր պատճառին մասին:
Արխիւային հին էջերու կամ գիւղական եկեղեցիներու չափաբերական մատեաններուն մէջ արձանագրուած մահերու ցուցակները կը հաստատեն մեր ըսածը: Այնտեղ եթէ պատահած մահը այգիին մէջ կամ այլ տեղ եղած արկածի հետեւանքով չէ եղած, սիւնակին դիմաց իբրեւ պատճառ երկու տարբեր բաներ գրուած են. ա. հիւանդութիւն, բ. ծերութիւն:
Ծերութեան «պատճառ»ը բոլորիս համար յստակ է արդէն, որովհետեւ առաքեալը կ՛ըսէ, թէ մենք այս երկրի վրայ մնայուն բնակութիւն չունինք (Հմմտ. Եբր 13.14): Այսինքն օր մը պիտի հեռանանք այս աշխարհէն, որովհետեւ մեր կեանքը ապրած ենք այնքան ինչքան մեզի պարգեւած է Արարիչը ու այլեւս միւս աշխարհի մէջ բնակութիւն պիտի հաստատենք: Սակայն մահանալու միւս պատճառը եթէ այդ օրերուն միայն մէկ բառով՝ հիւանդութեամբ կը հասկցուէր, այսօր բազմաթիւ ու բազմատեսակ պատճառներ ունի, երբեմն իրարու շատ մօտիկ եւ մէկը միւսէն կախեալ պատճառներ: Շատեր ցաւ մը զգալով բժիշկի քով կ՛երթան, դեղահատեր կը ստանան եւ յանկարծ նոյն դեղահատերը իր զգացած ցաւը բուժած միջոցին, ներքին այլ գործարանի մը վնասուելուն պատճառ կը հանդիսանան եւ երբեմն կը պատահի, որ այս երկրորդ հիւանդութեամբ ալ կը մեկնին այս աշխարհէն:
Բժշկական նորագոյն գիւտերը եւ յառաջադէմ այս դարու արձանագրած յաջողութիւնները այս բնագաւառին մէջ բաւականաչափ յոյս տուած են մարդոց եւ անոնց միտքը որոշ չափով խաղաղեցուցած: Հիւանդներու շարքին քիչ չէ՛ թիւը յուսահատողներուն, որոնք ո՛չ թէ կեանքը չեն սիրեր, այլ տառապիլն ու ցաւերով գոյատեւելը աւելորդ յոգնութիւն կը համարեն: Ինչ լաւ որ բժշկութիւնը ցաւազերծիչ դեղերով կը քնացնէ անբուժելի հիւանդութեամբ տառապողները, որպէսզի տառապանքի բաժակը գէթ անգիտակցաբար խմեն անոնք: Այս պարագային սակայն, հիւանդին շուրջ համախմբուած կամ անոր առողջական վիճակով մտահոգ հարազատները հիւանդին փոխարէն կը տանջուին, երբեմն հիւանդանոցին մէջ անոր սնարին կողքին անցընելով իրենց օրերը անքուն, անհանգիստ, զրկուելով իրենց առօրեայ աշխատանքէն կամ սովորական գործերէն ու ընկերային կեանքէն, մինչ հիւանդը զգայազիրկ պառկած կը շարունակէ մնալ իր անկողինին մէջ, երբեմն արհեստական շնչառութեամբ պարզապէս կը գոյատեւէ «բռնի ուժով» երկարաձգուած կեանքով մը, որուն ներկայիս կու տան «բուսական կեանք» անունը:
Քրիստոնէական կրօնը մարդոց առողջութիւնը դրած է Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ: Այնպէս ինչպէս մեր հաւատքի, նոյնպէս եւ մեր ֆիզիքական առողջութիւնը կը գտնուի միակ Բժշկապետին՝ Յիսուսի ձեռքերուն մէջ: Այս ապահովութիւնը եւ միտքի հանգստութիւնը մեզի կու գայ աւետարաններուն մէջ նկարագրուած բժշկութեանց դրուագներէն, որոնք կատարուած են Յիսուսի ձեռքերով: Ո՞ր մէկը յիշենք, ո՞ր մէկը զանց առնենք անոնցմէ… Նոյնիսկ կարիք չկայ յիշատակելու, որովհետեւ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ մարդու ենթագիտակից ուղեղին մէջ անոնք դրոշմուած են հաւատքի կնիքով եւ տաղուած իւրաքանչիւր քրիստոնեայ մարդու հոգիի պաստառին վրայ:
Ո՞ր մէկ բժիշկը, դեղագործը կամ քիմիագէտը, եւ կամ այս բնագաւառին մէջ գործող ո՞ր մէկ անձը կը յանդգնի ցուցակը կազմել աշխարհի վրայ եղած հիւանդութիւններուն: Ինչքան ալ բժշկութիւնը յառաջդիմէ, կամ բժիշկներ մասնագիտութեան հասնին մանրազննին սորվելով մարդկային մարմինի իւրաքանչիւր բջիջը իր եղափոխութիւններով, դարձեալ անակնկալներ կան վերապահուած իրենց համար, որոնք ձեռքբերուած փորձառութիւններ պիտի կոչեն իրենք ապագային: Վերջապէս բժիշկը մարգարէ չէ, որ գիտնայ թէ մորթիդ տակ ի՛նչ կը կատարուի, երբ ձեռքովդ ցոյց տաս այն բաժինը, ուր ներքին ցաւ մը կը զգաս: Իր գիտութեամբ ենթադրութիւններ կրնայ կատարել ան, եւ երբ վստահ ըլլայ ու գիտութեամբ հաստատէ՝ մասնաւոր դեղահատ մը կը պատուիրէ, եւ կամ՝ վիրահատութիւն կատարելու որոշում կը կայացնէ:
Այս բոլորը ըսինք, հաստատելու համար այն, որ հիւանդութիւնները բազմաբնոյթ են կամ տարատեսակ: Նոր տեսակի հիւանդութիւններ ալ կը յայտնաբերուին յաճախ, երբ բժշկական գիտութիւնը օրէ օր կը յառաջդիմէ: Ուրեմն, անցեալի նման հիւանդութիւն բառը ընդհանրական իմաստով չենք կրնար գործածել, այնպէս ինչպէս մեր զգացած իւրաքանչիւր հիւանդութեան համար տուեալ հիւանդութեան մասնագէտ բժիշկին կը դիմենք եւ ո՛չ թէ գիւղի ժամկոչին, որ ամէն տեսակի հիւանդութենէ «կը հասկնար», խրատներ տալով հիւանդին իր խորհրդաւոր ձայնով:
Զարմանալին այն է, որ ինչքան ալ հիւանդութիւնները բազմատեսակ, բազմագոյն են, սակայն անոնց հականիշը՝ առողջութիւնը մէկ տեսակ է… Այսինք կա՛մ առողջ ենք բառին բուն իմաստով, եւ կամ՝ վատառողջ: Առողջութիւն բառը ինքնին ամուր բառ մըն է, իր խիտ իմաստով ինքզինք գօտեպնդած բառ մը: Առողջ անձեր ինչքան ինքնավստահութեամբ կը պատմեն իրենց մասին, ամէն օր մարզանք ընելու կարեւորութիւնը կը շեշտեն համարձակօրէն եւ կը խրատեն իրենց շրջապատին, որ գէթ սովորական՝ «շուէտական» մարմնամարզ կատարեն օրական դրութեամբ:
Առողջութիւնը մէկ տեսակ է: Անոնք որոնք այսօր կը դժգոհին իրենց առողջութենէն, իսկ վաղը լաւ կը զգան, կը նշանակէ թէ խախուտ առողջութեան տէր են եւ անոնց ունեցած առողջութեան կարելի չէ՛ ապաւինիլ: Իսկական առողջութիւնը մէկ է, ամբողջական իմաստով եւ ֆիզիքական բացայայտ արտայայտութեամբ: Հոգեկան առողջութիւնն է, որ երբեմն պահուած կը մնայ մեր տեսողութենէն, որովհետեւ առածը կ՛ըսէ. «Հաւատքին եւ դրամին որո՛ւ քով աւելի շատ գտնուիլը ո՛չ ոք գիտէ», միայն կրնաս կռահել եւ երբեմն ենթադրութիւնդ սխալ դուրս կու գայ: Այս պարագային եւս ակնարկուած հիւանդութիւնները մէկ տեսակ չեն, այլ անթիւ ու անհամար: Սակայն դարձեալ առողջութիւնը մէկ է… Կա՛մ հաւատք ունիս, կա՛մ՝ չունիս: Երկուքին միջեւ չես կրնար ըլլալ: Ատիկա քննադատուած է Յիսուսի կողմէ յանդիմանական «թերահաւատ» յորջորջումով, նոյնիսկ իր աշակերտներուն ուղղուած (Հմմտ. Մտ 6.30, 14.31, 16.8, 17.19): Թերահաւատութիւնը հաւատքի կեանքի գաղջ իրավիճակ մըն է, որ եթէ ենթակային կողմէ ընդունելի է, Աստուծոյ կողմէ գովելի չէ՛: Աստուած ինքնավստահ հաւատացողը կը սիրէ: Ինչքան ալ տեսակաւոր հիւանդութիւններու հանդիպիս, իմացիր, որ առողջութիւնը՝ հոգեւոր եւ մարմնաւոր, մէկ է: Կա՛մ հիւանդ ես, կա՛մ՝ առողջ: