ԷՏԻՆՊԸՐԿ, «Պի.Պի.Սի.».- Սկովտիոյ առաջին նախարար եւ Սկովտիոյ Ազգային կուսակցութեան ղեկավար Նիքոլա Սթըրճըն Լոնտոնէն պաշտօնապէս խնդրեց Էտինպըրկին շնորհել շրջանին անկախութեան հանրաքուէ կատարելու օրինական իրաւունք: «Մենք այսօր Բրիտանիոյ կառավարութեան կոչ կ՛ընենք՝ քննարկելու այդ հարցը եւ տալու պէտք եղած լիազօրութիւնները, որոնք Սկովտիոյ խորհրդարանին իրաւունք պիտի տան պատրաստելու անկախութեան հանրաքուէն», ըսաւ ան: «Ներկայիս այդ հանրաքուէն կատարելու սահմանադրական եւ ժողովրդավարական պատճառ գոյութիւն ունի», յայտնեց Սկովտիոյ առաջին նախարարը, ակնարկելով Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու Բրիտանիոյ ներկայ իշխանութեան ջանքերուն։
Նշենք, որ Սկովտիոյ Ազգային կուսակցութիւնը Բրիտանիոյ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրեց, ապահովելով Սկովտիոյ յատկացուած 59 աթոռներէն 47ն:
Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսընի ղեկավարած Պահպանողական կուսակցութիւնը ընտրութիւններուն ջախջախիչ մեծամասնութիւն ապահովեց, սակայն կորսնցուց Սկովտիոյ մէջ իր ունեցած աթոռներուն կէսը: Պահպանողական կուսակցութիւնը շրջանին մէջ իր ընտրարշաւը հիմնած էր Սկովտիոյ անկախութեան շուրջ նոր հանրաքուէի մերժման վրայ, սակայն վարչապետը խոստացաւ «ուշադրութեամբ քննել» դիմումը:
Յայտնենք, որ 2014ին, Սկովտիոյ բնակչութեան 55 տոկոսը անկախութեան դէմ քուարկած էր։