Հ. Հ.
Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150ամեակը 5 Հոկտեմբերին նշելէ ետք, մեր ծուխը, իր հոգեւոր առաջնորդ Գուրգէն վրդ. Աղապապեանի մղումով՝ որոշեց նշել նաեւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150ամեակը: Այս երկու մեծերը, որոնց յոբելեանները ընդգրկուած էին ԵՈՒՆԵՍՔՕի նշումներու օրացոյցին մէջ, 15 Հոկտեմբեր 2019ին մեծարուեցան համաշխարհային այդ մեծ կազմակերպութեան Փարիզի կեդրոնատեղիի շքեղ սրահին մէջ, բազմաթիւ անձնաւորութիւններու ներկայութեամբ:
Ուստի, Կիրակի, 15 Դեկտեմբերին, Շաւիլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կից «Պալապանեան» սրահը կէսօրէն ետք ժամը 5ին բերնէ-բերան լեցուած էր հանդիսականներով, որոնք եկած էին հաճելի պահեր ապրելու մեծ բանաստեղծին հետ, որ ծանօթ է յատկապէս բնութիւնը փառաբանող իր տաղերով, մանկապատանեկան հարուստ գրականութեամբ, ինչպէս նաեւ «Անուշ» հռչակաւոր օփերայի իր գրքոյկով, առանց մոռնալու անոր հսկայ ներդրումը Ցեղասպանութեան յաջորդած շրջանին՝ որբերու օգնութեան։
Ինչպէս Կոմիտասի մեծարման առիթով, այս անգամ եւս կազմակերպուած էր լուսանկարներու ցուցահանդէս մը: Պատրաստուած էր նաեւ 28 էջնոց գրքոյկ մը, որ կ՛ընկերակցէր ցուցադրութեան։
Երկլեզու՝ հայերէն եւ ֆրանսերէն, մանրամասնօրէն պատրաստուած օրուան յայտագիր-գրքոյկը թոյլ տուաւ բոլորին դիւրութեամբ հետեւելու գեղարուեստական ցերեկոյթի գործադրման։
Հրայր Հրաչեանի ողջոյնի խօսքէն ետք սկսաւ յայտագիրը։
Նախ կարդացուեցաւ մեծարեալ բանաստեղծին կենսագրութիւնը հայերէն եւ ֆրանսերէն, յաջորդաբար՝ Սիլվա Քեթենճեանի եւ Ժերար Տէտեանի կողմէ:
Ապա, աւելի քան ժամ մը իրարու յաջորդեցին արտասանութիւններ եւ երաժշտութիւն՝ մեծապէս խանդավառելով ներկաները:
Մեծարանքի այս ձեռնարկը վերջ գտաւ ընդհանուր գոհունակութեան մթնոլորտի մէջ, յատկապէս հրաւիրեալ արուեստագէտներու որակին, գեղեցիկ ցուցահանդէսին եւ անոր ընկերացող գրքոյկին համար։
Հուսկ, բոլոր ներկաները հիւրասիրուեցան ծուխի տիկիններուն պատրաստած ընդունելութեամբ։
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»