Երէկ (Չորեքշաբթի, 18 Դեկտեմբեր) առաւօտեան ժամերէն մինչեւ երեկոյ լիբանանահայութիւնը խուռներամ մասնակցութիւն բերաւ «Միասնաբար ուրախացնե՛նք հայ ընտանիք մը» թեմայով ռատիօթոնին՝ ընդառաջելով Հայկական երեսփոխանական պլոքի կոչին:
Հերթական անգամ լիբանանահայութիւնը իր հոգեւոր, ազգային, միութենական, կրթական, մշակութային, ուսանողական եւ երիտասարդական շրջանակներով հաւաքաբար զօրակցեցաւ լիբանանահայ համայնքի կարիքներուն հասնելու հրամայականի կատարման նախաձեռնութեան:
Ժողովրդային տարբեր խաւերու ինքնաբուխ մասնակցութիւնը ներհամայնքային առումով
ամէնէն տպաւորիչ ձեւով յաջողցուց իրարօգնութեան հաւաքական զօրակցութիւնը:
Հայկական երեսփոխանական պլոքը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր նուիրատուներուն անխտիր, ռատիօթոնին լծուած կամաւոր փաղանգներուն, որոնք անգամ մը եւս ընդառաջեցին հայ ընտանիքներ ուրախացնելու ազգային-մարդկային կոչին՝ վերահամոզելով բոլորս, որ Սփիւռքի կեդրոնական հանգամանք վայելող լիբանանահայութիւնը ամբարած է տարբեր տեսակի տագնապներ յաղթահարելու կամքը, ունակութիւնը եւ վճռակամութիւնը:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ՊԼՈՔ