ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 20 Դեկտեմբերին աշխատանքային այցելութիւն տուաւ Արցախի Հանրապետութիւն, ուր հանդիպում ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ:
Նախագահները քննարկեցին երկու հայկական հանրապետութիւններուն համագործակցութեան վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ մը:
Աւելի ուշ նախագահներ Բակօ Սահակեան եւ Արմէն Սարգսեան այցելեցին Ասկերանի շրջանի Հարաւ գիւղը եւ ծանօթացան այնտեղ կատարուող շարք մը ծրագիրներու ընթացքին։