ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը նախաձեռնած է հնագիտութեան մասին օրէնքի նախագիծի մը մշակման: Այս մասին յայտնեց փոխնախարար Նարինէ Խաչատրեան, որ նշեց, թէ Հայաստան շատ հարուստ է այս առումով, եւ իրենք մեծ ծրագիրներ ունին հնագիտութեան ոլորտին վերաբերեալ:
«Հիւսիս-հարաւ ճանապարհի վրայ՝ հէնց Ագարակ գիւղից սկսած մինչեւ Դաշտադէմ ունենք պեղուած բնակավայրեր, որոնց հետ կապուած պէտք է ծրագրեր իրականացնենք: Մենք նպատակ ունենք ստեղծել «Archeopark»: Հայաստանում դեռեւս նման բան չկայ, սակայն ունենք համաշխարհային մոդելը եւ հիմա Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ինստիտուտի հետ մշակում ենք «Archeopark« ստեղծելու գաղափարը: Այն մեծ, թանկարժէք ծրագիր է», դիտել տուաւ Խաչատրեան:
Ըստ անոր՝ գլխաւոր հարցը մարդիկը իրազեկ դարձնելն է, մանաւանդ որ շատերու մօտ կը բացակայի տարրական իմացութիւնը, թէ ինչպէ՛ս պէտք է վարուիլ յուշարձաններուն հետ: Այդ իսկ պատճառով, նախարարութիւնը սկսած է իրազեկման արշաւներ իրականացնել: Արդէն աշխատանքային խումբեր այցելութիւն տուած են Սիւնիք, Վայոց Ձոր եւ Արարատ, հանդիպումներ ունեցած համայնքապետերուն հետ, ներկայացուցած են այն յուշարձանները, որոնց շուրջ պահպանման գօտիներ պէտք է հաստատուին՝ անդրադառնալով անոնց կրելիք վնասներուն հետեւանքներուն։
Նարինէ Խաչատրեան դիտել տուաւ, որ այլ հարց է նաեւ յուշարձաններուն կից գտնուող տարածքներու սեփականշնորհումը՝ վստահեցնելով, որ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը այս հարցին վերաբերեալ սերտօրէն կը համագործակցի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան հետ:
Փոխնախարարը նաեւ տեղեկացուց, որ Հայաստան եւ Իտալիա կը համագործակցին պատմական յուշարձաններու պահպանման հարցով՝ դիտել տալով, որ Իտալիա մեծ փորձառութիւն ունի պատմական յուշարձաններու պահպանութեան մէջ, եւ իտալացի գործընկերները պատրաստակամութիւն յայտնեցին կիսել իրենց փորձառութիւնը:
«Մենք նախապատրաստում ենք օրէնսդրական փոփոխութիւններ՝ կապուած յուշարձանների պահպանութեան հետ: Մեծ կարեւորութիւն ենք տալիս գանձագողութեան դէմ պայքարին: Նախնական պայմանաւորուածութիւն ունենք Իտալիայի հետ: Վերջինս շատ լաւ փորձ ունի այդ հարցում, այնտեղ գործում է յուշարձաններ պահպանողների ինստիտուտը: Նրանք զինուած ստորաբաժանումներ են պաշտպանութեան նախարարութեան ենթակայութեան տակ գործող, որոնց առաքելութիւնը պատմական յուշարձաններ պահպանելն է: Ահա նպատակ ունենք այդ փորձը ներդնել Հայաստանում», ըսաւ Նարինէ Խաչատուրեան:
Ան ընդգծեց, որ Հայաստան հարուստ է պատմական յուշարձաններով եւ հնավայրերով, եւ կը պատրաստուի փորձառութիւն ունեցողներէն օգտուիլ եւ որդեգրել անոնց միջոցները։ 2020ի գարնան իտալացի մասնագէտները պիտի գան Հայաստան եւ պիտի ներկայացնեն իրենց փորձառութիւնը՝ յստակացնելով կատարուելիք աշխատանքը։