ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան կեդրոնական գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ կուսակցութեան Գործադիր մարմինին հերթական նիստը, զոր վարեց ՀՀԿի նախագահ Սերժ Սարգսեան։ Այս մասին կը նշուի կուսակցութեան հաղորդագրութեան մէջ։
Նիստին հանգամանօրէն ամփոփուեցան 2019ին, երկրի ներքաղաքական, ընկերային-տնտեսական եւ արտաքին քաղաքական զարգացումները:
Անդրադարձ կատարուեցաւ տարածաշրջանային եւ անվտանգութեան հիմնահարցերուն: Քննարկուեցան արցախեան հակամարտութեան լուծման վերջին զարգացումները եւ նոր մարտահրաւէրները:
Գործադիր մարմինին ներկայացուեցան նաեւ շարք մը ներկուսակցական հարցեր: