ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 21 Դեկտեմբերին, Ստեփանակերտի Սիրահարներու պուրակին մէջ տեղի ունեցաւ հայազգի գործարար եւ մեծ բարերար Լեւոն Հայրապետեանի կիսանդրիին հանդիսաւոր բացումը, որուն ներկայ էին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, պատգամաւորներ, պետական բարձրաստիճան այրեր, բարերարին հարազատները եւ հիւրեր:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, որ նշեց, թէ Լեւոն Հայրապետեան 1990էն սկսեալ հայրենիքին հանդէպ ունեցած իր արտասովոր սիրով ամէն ինչ կ՛ընէր հայրենիքի զարգացման եւ բարգաւաճման համար: Ան հաստատեց, որ բարերարին հետագայ բոլոր աշխատանքները նպատակ ունէին հանրապետութեան տնտեսական զարգացում ապահովել:
Ըստ Լ. Յովհաննիսեանի՝ ճարտարապետին գործը կը մարմնաւորէ գանձասարեան յաւերժութիւնը եւ կենաց ծառը, որ ցոյց կու տայ մեր ժողովուրդի ընտրեալներէն մէկուն՝ Լեւոն Հայրապետեանի դէպի յաւերժութիւն տանող ճանապարհը: Այս քանդակը հայրենասէր հայորդիին ինքնութեան ու էութեան մարմնաւորումն է։
Բարերարի դուստրը՝ Անժելիկա Հայրապետեան, շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ նշեց, թէ այնքան ատեն որ տակաւին կը յիշեն Լեւոն Հայրապետեանը, ան միշտ պիտի ապրի բոլորին հետ:
Օրհնութեան խօսք փոխանցեց Արցախի թեմի առաջնորդը՝ վկայելով, որ բազմաթիւ անգամներ կապ հաստատած է Լեւոն Հայրապետեանի հետ եւ անոր հետ խօսած անաւարտ ու նոր ծրագիրներու մասին: Ան վկայեց, որ Լեւոնը իւրայատուկ անձնաւորութիւն էր, որ ունէր իր սկզբունքները եւ ոչինչ հալած իւղի տեղ կ՛ընդունէր, մինչեւ իր սիրտի մեջ տեղ տալը: Իւրայատուկ սրամտութիւն ունէր: Սրբազանը նշեց, որ ան մեծ ծրագիրներ ունէր թէ՛ արցախցիներուն, թէ ամբողջ հայութեան վերաբերեալ՝ աւելցնելով, որ, ի յիշատակ բարերարին, մեր բոլորին պարտքն է կեանքի կոչել այն երազանքները, զորս ան չկրցաւ իրագործել: Այս կիսանդրին պիտի ըլլայ երիտասարդ սերունդի հայրենասիրական դաստիարակութեան խորհրդանիշը, շեշտեց սրբազանը։
Ներկաները ծաղիկներ զետեղեցին Լեւոն Հայրապետեանի յիշատակին կանգնեցուած յուշակոթողին առջեւ: