ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի գլխաւոր դատախազութիւնը Նարեկ Սարգսեանի նկատմամբ իբրեւ խափանման միջոց բանտարկութեան վերահաստատման միջնորդութիւն ներկայացուց դատարանին: «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի գլխաւոր դատախազութեան հանրային կապերու բաժինի պետ Արեւիկ Խաչատրեան:
Նարեկ Սարգսեան 21 Դեկտեմբերին ոստիկանութեան ծառայողներուն ընկերակցութեամբ Չեխիայէն տեղափոխուած էր Հայաստան: 26 Յունիս 2018ին, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մէջ քրէական գործ յարուցուեցաւ՝ քրէական օրէնսգիրքի ապօրինի կերպով զէնք, ռազմամթերք, պայթուցիկ նիւթեր կամ պայթուցիկ սարքեր ձեռք բերելու, իրացնելու, պահելու, փոխադրելու կամ կրելու յանցանքով։ 6 Յուլիսին Նարեկ Սարգսեանի նկատմամբ յայտարարուած էր հետախուզութիւն, 24 Յուլիսին՝ միջազգային հետախուզութիւն: Ոստիկանութեան զանազան ստորաբաժանումներ, այլ երկիրներու եւ միջազգային համապատասխան գործակալութիւններու հետ համադրաբար, 6 Դեկտեմբերին, Փրակի մէջ յայտնաբերած էին Նարեկ Ալեքսանդրի Սարգսեանը. յարուցուած քրէական գործին նախաքննութիւնը կը շարունակուի։