ՊԷՅՐՈՒԹ.- Լիբանանի Հայկական երեսփոխանական խմբակի «Միասնաբար ուրախացնե՛նք հայ ընտանիք մը» նախաձեռնութեան բաշխումի աշխատանքները սկսած են արդէն: Անցնող երեք օրերուն այդ աշխատանքները շարունակուեցան Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Ֆանարի, Անթիլիասի, Զալքայի, Ամանոսի, Ռաուտայի եւ Մեթնի այլ շրջաններու մէջ, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիի եւ Զահլէի մէջ:
Այսպէս, Հայկական երեսփոխանական խմբակը եւ ՀՅԴ «Ռոստոմ», «Ռուբէն», «Դրօ», «Իշխան», «Շուշի», «Հ. Մարուխեան», «Գ. Նժդեհ,, «Թեհլիրեան», «Քրիստափոր», «Սարդարապատ», «Ն. Դուման», «Է. Ակնունի», «Ն. Աղբալեան», «Բերդավայր», «Արամ» եւ «Քեռի» կոմիտէութիւններու ընկերները, ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը (ԶՈՄ), Լիբանանի Երիտասարդական Միութիւնը (ԼԵՄ) եւ պատանիները, ինչպէս նաեւ ուղեկից միութիւնները այցելեցին կարիքաւոր ընտանիքներուն եւ Հայկական երեսփոխանական խմբակին կողմէ շնորհաւորեցին հայկական ընտանեկան օճախները եւ յանձնեցին կաղանդչէքը: Աշխատանքները կը շարունակուին: