Չորեքշաբթի, 25 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Գամիշլիի «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 129րդ ամեակի տօնակատարութիւնը, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն աբղ. Եղիայեանի, ներկայութեամբ արժանապատիւ քահանայ հօր, ՀՅԴ Սուրիոյ Կեդրոնական կոմիտէի, ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ հոծ բազմութեան:
Տօնակատարութեան բացումը կատարեց հանդիսավար Յակոբ Պարսումեան՝ հրաւիրելով ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու մեզմէ առյաւէտ հեռացած դաշնակցականներուն յիշատակը, ի մասնաւորի 2019ին մահացած Կարպիս Մարգէեանի եւ Տարօն Յարութիւնեանի յիշատակը:
Ապա հնչեցին Սուրիոյ, Հայաստանի եւ ՀՅ Դաշնակցութեան քայլերգները:
Հանդիսութեան բացման խօսքը եւ օրուան խորհուրդը արտասանեց բժիշկ Ղուկաս Դարբինեան, որ անդրադարձաւ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերուն տարած հսկայ աշխատանքին, յայտնելով որ 1965 թուականը յատկանշական է մեր ժամանակակից պատմութեան մէջ, Եղեռնի յիսնամեակը անկիւնադարձ մը կը հանդիսանայ Սփիւռքի կեանքին մէջ: Ան ըսաւ, որ 1960ական թուականներուն Սփիւռքը կ՛ապրէր հոգեփոխութիւն: Հայութիւնը այդ շրջանին դուրս կու գար իր սահմանափակ քաղաքականութենէն: 1972ին կը գումարուէր ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովը, որ մէկ կողմէ թափ կու տար Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն, իսկ միւս կողմէ կ՛առաջնորդէր առողջ վերադարձը դէպի ազգային յեղափոխական աւանդներ:
Հայ Դատի յանձնախումբերը շուտով կը լծուէին մեծ աշխատանքի: Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջը լսելի կը դառնար միջազգային մեծ ու փոքր ատեաններէ:
Իր խօսքի աւարտին, Դարբինեան ողջունեց Միացեալ նահանգներու Քոնկրեսին ու Ծերակոյտին միաձայնութեամբ վաւերացումը այն բանաձեւին, որ կը դատապարտէ Թուրքիոյ կողմէ կատարուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Այնուհետեւ յաջորդաբար բեմ բարձրացան գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցողները:
«Ձօն Դաշնակցութեան» քերթուածը ասմունքեց Նուշիկ Տիգրանեան, ապա շարք մը ազգային, յեղափոխական երգերով հանդէս եկան Եւա Մանուկեան-Սելիմեան եւ Ատուր Ադամեան, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Քրիստ Միքայէլեանի: Անոնք ճոխ եւ խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեցին: Ներկաները միասնական երգերու կատարումով միացան երգիչներուն:
Դաշնակցութեան 129ամեայ պատ-մութեան յատկանշական դէպքերու գեղեցիկ համադրումը ցուցադրուեցաւ տեսերիզով մը, պատրաստութեամբ Սեւակ Տիգրանեանի, բժշկհ. Մարի Մելքոնեան-Պետրոսեանի, Եւա Մանուկեան-Սելիմեանի եւ Խաչիկ Ղուկասեանի:
Հանդիսութեան ընթացքին Մեղրի Ասիլեան Ղուկասեան ասմունքեց իր գրած քերթուածը, նուիրուած՝ ՀՅԴ 129ամեակին:
Անի Սարգիսեան ընթերցեց ՍՕԽի Գամիշլի մասնաճիւղի ուղերձը։
Հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ ներկաներուն յեղափոխական երգերու կատարումով: